1.Շնորհաւորանք
--Կարենալ բայի ճիշդ գործածութիւն. «Իսկ փոխանցել կարենալու համար...» (Վրէժ-Արմէն Արթինեան):
--Ցուցանիշեր եւ ծրագրեր յոգնակիի ճիշդ կիրարկութիւն («Արարատ»):
2.Հետեւեալ երկուքէն ո՞րն է ճիշդը.
--Երէկ ծանր մարտական գործողութիւնները շարունակուեցան:
--Երէկ մարտական ծանր գործողութիւնները շարունակուեցան:
Այլ խօսքով՝
--ինչպէ՞ս շարադասել նոյն գոյականին երկու որոշիչները՝ ծանր եւ մարտական:
* * *
Հայերէնը ունի երկու տեսակ ածական՝
--որակական, օրինակ՝ մեծ-պզտիկ, անուշ-լեղի, երկար-բարակ եւ այլն:
--յարաբերական, օրինակ՝ մարտական, լեռնային, երկաթեայ, ոսկեղէն եւ այլն:
Որակական ածականը օժտուած է մէկ կողմէ հականշային զոյգերով, միւս կողմէ բաղդատութեան աստիճանով. հականշային զոյգերը տրուած են վերը: Ասոնց իւրաքանչիւրը ունի իր բաղդատութեան աստիճանը եւս. օրինակ՝ մեծ-շատ մեծ- մեծագոյն, երկար-աւելի երկար-երկարագոյն եւ այլն:
Յարաբերականները չունին այս յատկութիւնները. օրինակ՝ մարտական ածականը հականիշ չունի, միւս կողմէ չունի բաղդատութեան աստիճաններ եւս. չ’ըսուիր աւելի/նուազ մարտական, ամէնէն մարտական եւ նման բաներ:
Յարաբերական ածականները միշտ բաղադրեալ բառեր են՝ մարտ-ական, լեռն-ա-բնակ, մարդ-ա-սիր-ական եւ այլն: Եւ «յարաբերական» կը կոչուին, որովհետեւ իրենց բնորոշած յատկութիւնը կը յարաբերի որեւէ առարկայի.
--մարդկային կը նշանակէ մարդու նման,
--մարտական կը նշանակէ մարտի յատուկ,
--ոսկեղէն կը նշանակէ ոսկիով շինուած եւ այլն:
3.Երբ նոյն գոյականը կը կրէ որակական եւ յարաբերական ածական մը, ապա նախ կը գրենք յարաբերականը, ապա որակականը, վերջապէս գոյականը. ուրեմն՝
--մայրական քնքուշ սէր,
--հայրենի բարձր լեռներ,
--դաշտային առողջարար կլիմայ,
--երկաթեայ տոկուն դուռ
--մարտական ծանր գործողութիւններ:
4.Որոշիչ-որոշեալ յարաբերութիւնը միշտ այսքան պարզ չէ:
Կրնան ներկայանալ աւելի բարդ պարագաներ, որոնցմէ սերտենք մէկ քանին:
Երբ գոյականը կը կրէ երկու կամ աւելի միատեսակ ածականներ, ապա ասոնք իրարու նախընտրաբար կը շաղկապենք եւ/ու շաղկապով կամ կը տրոհենք ստորակէտով. այսպէս՝
--քնքուշ ու ազնիւ վերաբերում ... քնքուշ, ազնիւ վերաբերում
--ուշիմ ու կիրթ աշակերտ ... ուշիմ, կիրթ աշակերտ
--Անյայտ, անորոշ, անձեւ տենչերով
Կը ձգտի հոգիս հեռո՜ւ, շա՜տ հեռու (Աւ. Իսահակեան):
Այսպէս համադասուող ածականները կը կոչուին «բազմակի որոշիչներ»:
Յարաբերական ածականը կը շարունակէ պահել իր դիրքը. օրինակ՝
--ընկերական քնքուշ ու ազնիւ վերաբերում
--պատանեկան անյայտ, անորոշ, անձեւ տենչերով
Բազմակի կը մնան նոյն՝ քնքուշ-ազնիւ եւ անյայտ-անորոշ-անձեւ ածականները. իսկ ընկերական-ը եւ պատանեկան-ը, իրենց բնոյթին բերումով, մաս չեն կազմեր բազմակի անդամներուն:
Մենք չենք կրնար համադասել ընկերական-ը միւս երկուքէն մէկով. օրինակ՝ լեզուի նրբութեան թափանցողը չ’ըսեր.
--ընկերական եւ քնքուշ վերաբերում
Եւ կամ՝
--ընկերական եւ քնքուշ ու ազնիւ վերաբերում
Այստեղ կայ ոճական թաքուն ու նուրբ խորթութիւն մը, որ անհամադասելի կը դարձնէ զանոնք:
Այդ խորթութիւնը կ’անհետանայ, երբ ընկերական-ին կից եւ շաղկապը վերնայ:
Բազմակի կրնան ըլլալ կարգ մը յարաբերական ածականներ եւս. օրինակ՝
--Այնտեղ կը գտնուէին քարէ, հողէ ու փայտէ տնակներ:
Տնակներ-ը կրնայ ստանալ որակական ածականներ միաժամանակ.
--Այնտեղ կային քարէ, հողէ ու փայտէ անշուք տնակներ:
--Այնտեղ կային քարէ, հողէ ու փայտէ անշուք ու աղքատ տնակներ:
Եթէ ու շաղկապները ջնջենք, փոխարէնը պիտի ստորակէտ դնենք. այսպէս՝
--Այնտեղ կային քարէ, հողէ, փայտէ անշուք, աղքատ տնակներ:
Նկատել, որ բազմակի յարաբերական ածականներուն եւ բազմակի որակական ածականներուն միջեւ ստորակէտ չկար ու չդրինք ալ:
Նման կառոյցներ նկատելը խոր կեդրոնացում կը պահանջէ գրողէն:
* * *
Բերուած բոլոր կառոյցները անխտիր որոշիչ-որոշեալ բառակապակցութիւն են:
Ստորեւ տեսնենք ասոնց յատկացուցիչով օժտումը:
5. Յատկացուցիչ-որոշիչ-որոշեալ բառակապակցութիւն
Երբ որոշիչ-որոշեալ բառակապակցութիւն մը կ’օժտենք սեռական հոլով յատկացուցիչով մը, ապա նախ եւ առաջ կը գրենք այս վերջինը. օրինակ՝
--անոր ընկերական քնքուշ վերաբերումը
--արեւելքի քաղաքական խառնակ վիճակը
Անոր եւ արեւելքի սեռական հոլով յատկացուցիչներ են:
Այս կառոյցին անդամներէն որեւէ մէկը կարելի է բազմացնել առանց արգելքի:
Միւս կողմէ՝ յատկացուցիչը իր կարգին կրնայ ունենալ իր որոշիչը եւ կամ յատկացուցիչը. օրինակ՝
--փոքր եղբօրս պատանեկան անորոշ տենչերը
--Թորոսին փոքր եղբօր պատանեկան անորոշ տենչերը
Նկատենք, որ այս կառոյցները որեւէ կէտադրական նշան չառին:
Մէկէն մէկը օժտենք բազմակի անդամներով.
-- Թորոսին փոքր եղբօր պատանեկան անորոշ եւ անձեւ տենչերը
-- Թորոսին փոքր եղբօր պատանեկան անորոշ, անձեւ եւ անյայտ տենչերը
Մրցոյթ 161.
***Փորձէ՛ իմաստակիր նախադասութեան մը վերածել հետեւեալը:
Ուշադրութի՛ւն. ոչ մէկ բառ պիտի փոխուի:
---Պաքու Եւրոպական Միութեան դեսպսնը կողմնակալ կը նկատէ:
---Այս հարցի կարգադրութիւնը պէտք չէ ձգձգուի:
---Ան այդ հաւատքը դարձուց իր կեանքին իմաստը:
***Կէտերուն տեղ՝ ա՞յլ, թէ՞ այլեւ կը դնես:
---Իր օրով ծաղկեցաւ ոչ միայն Հայ եկեղեցին, այլ ողջ համայնքը ապրեցաւ ոսկեդարեան փառքով:
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիէր «Ազդակ»-ի հետեւեալ գոհարը.
---«Խորհրդարանը պիտի չկարենայ հանրապետութեան նախագահ ընտրել առանց երկխօսութեան:
(Խորհրդարանը հանրապետութեան նախագահ կրնայ ընտրել միայն երկխօսութեամբ):
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (8), Գէորգ Եազըճեան (9), Ցոլակ Ապտալեան (6), Շաքէ Մանկասարեան-Գրոկան (8), Համբարձում Յարթունեան (9), Գեղամ Խաչատրեան (8),Պերճ Տէր Սահակեան (10), Եփրեմ Թոքճեան (8):
Մրցոյթ 162.
***Կէտերը փոխարինէ՛ շնորհիւ կամ հետեւանքով բառերէն մէկով:
---Ձմռան յորդ անձրեւներուն . . . . . . . . . . առատ բերք ունեցանք ամառը:
---Ձմռան յորդ անձրեւներուն . . . . . . . . . . քանդուեցան կարգ մը կամուրջներ:
***Բառ մը իր տեղը չէ. ուղղէ՛ անոր դիրքը.
---Նաեւ անոնք պայթեցուցին քարայրի մը հիւսիսարեւելեան մուտքը:
***Կայ անյարմար բառ մը. գտի՛ր ու փոխարինէ՛ զայն մէկ ուրիշով:
---Թշնամի ուժերը վիրաւորեցին զայն եւ ձգեցին որ մէկ ժամ արիւնահոսի:
***Վերաշարադասէ՛ ու վերաշեշտէ՛ հետեւեալը.
---Սեղմե՛լ միայն անոր ձեռքը, որ կը ճանչնայ մեր անկախութիւնը:
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր «Արարատ»-ի հետեւեալ գոհարը.
---Թրամփի քայլերէն մէկը պիտի ըլլայ սահմանին փակումը, քայլերէն մէկը պիտի ըլլայ նաեւ պատանդներու արձակումը (13/3/2024, էջ 1):
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com