Գիտնանք ճի՛շդ հոլովել.
--Բոլոր տղաքը յաջողեցան՝ ի բաց առեալ Թորոսը:
--Բոլոր տղաքը յաջողեցան՝ բացառութեամբ Թորոսին:
--Բոլոր տղաքը յաջողեցան՝ բացի Թորոսէն:
2. Օրերս մեր թերթերէն ոմանք սապէս խորագրած էին իրենց մէկ լուրը.
--«Եթէ Հայաստանը Չ’ուզեր Ըլլալ ՀԱՊԿի Անդամ, Անիկա Փուլ Պիտի Չգայ»:
Այսպէս, ի մասնաւորի, վերնագրած էր «Ասպարէզ» իր յօդուածը, իրեն պէս ըրած էին ուրիշներ եւս:
Ասպարէզ յայտնի է իր անորակ հայերէնով եւ շատ աւելի անորակ ուղղագրութեամբ:
Այս երկու իւրայատկութիւններուն վրայ կ’աւելնայ երրորդ մըն ալ. այն է... որեւէ բան սորվելու բացարձակ անկարողութիւնն ու ամբողջական մերժումը:
--Հայերէնի մէջ խորագիրի մը բոլոր բառերը գլխագիրով չեն սկսիր, այլ միայն առաջինը:
--Պէտք չէ գրել ՀԱՊԿի՝ ամերիկացիի պէս, այլ պէտք է գրել ՀԱՊԿ-ի՝ միութեան գծիկով՝ հայու պէս:
--Շատ տգեղ է անիկա դերանունը, պարտէինք նախընտրել ան-ը:
--Պէտք չէ ըսել Հայաստանը՝ ը-ով՝ արեւելահայու պէս, այլ Հայաստան՝ առանց ը-ի՝ արեւմտահայու պէս:
--Եթէ-ով սկսող պայմանական երկրորդական նախադասութեան բայը պարտի ըլլալ ըղձական եղանակի եւ ոչ թէ սահմանական եղանակի, քանի ան կ’ակնարկէ հաւանականութեան մը եւ ոչ թէ իրողութեան մը:
Ուրեմն՝
--«Եթէ Հայաստան չուզէ ըլլալ ՀԱՊԿ-ի անդամ, ան փուլ պիտի չգայ»:
Յստա՞կ է:
Ո՛չ, յստակ չէ, ամէն բան ասկէ անդին եւ նո՛ր կը սկսի:
* * *
Այս խորագիրով կ’ակնարկուի փուլ եկողի մը կամ փուլ չեկողի մը:
Սակայն բնաւ յստակ չէ, թէ ճիշդ ո՞վ կամ ի՞նչն է, որ փուլ պիտի գայ կամ չգայ:
Հայաստա՞նը, թէ՞ ՀԱՊԿ-ը...
Անշուշտ յօդուածը կարդալէ ետք կը հասկնանք, թէ որո՛ւ փլուզումին կ’ակնարկուի, սակայն կրնայ ըլլալ, որ ընթերցողը լուրի մը կամ լուրերեու մի՛այն վերնագրերը կարդալու ժամանակ ունի,− անոր իքրաւունքն է այդքանէն իսկ հասկնալ, թէ որո՛ւ կամ ինչի՛ կ’ակնարկուի: Թող որ նման նախադասութիւն մը կրնայ կազմել տրուող պատգամին ամբողջութիւնը, ինչպէս կրնայ ըլլլալ հեռագիր մը, որ երբեմն կը բաղկանայ մէ՛կ նախադասութենէ, չըսելու համար՝ մէ՛կ բառէ:
Այլ խօսքով՝ լուր մը, դուք ըսէք՝ խօսք մը, որքան ալ կարճ ըլլայ՝ պարտի արտայտել յստակ եւ ըստ ամենայնի ամբողջական միտք մը: Ինչ որ պարագան չէ «Ասպարէզ»-ի խորագիրին եւ անոնց, որոնք նոյն շարադրանքով տուին լուրը կամ խորագրեցին իրենց լուրը:
Ուրեմն՝
--Եթէ փուլ չեկողը Հայաստանն է, ապա պարտէինք գրել.
«Հայաստան փուլ չի գար, եթէ ինք չուզէ անդամ ըլլալ ՀԱՊԿ-ի»:
--Իսկ եթէ փուլ չեկողը ՀԱՊԿ-նէ, ապա գրէինք.
«ՀԱՊԿ-ը փուլ չի գար, եթէ Հայաստան չուզէ անդամ ըլլալ անոր»:
3. «Ասպարէզ»-ը ուրիշ նապաստակներ ալ պահած է գլխարկին տակ:
***Ան ամերիկացիի պէս կը կէտադրէ եւ շաղկապը.
--անհատական կողմնակալութիւն, ծայրայեղութիւն, եւ այլն,
--կուսակցութիւններ, քաղաքական հոսանքներ, եւ այլն,
-- կործանարար հետեւանքներ ունենալով անհատներու, խումբերու, եւ ազգերու համար:
Այս օրինակներէուն մէջ եւ-էն առաջ ստորակէտ չի դներ հայերէնը:
***Ան սխալ կը կէտադրէ թէ...թէ կրկնադիրը՝ շեշտազրկելով ասոնց երկրորդը.
--սուղ գին կը վճարուի թէ՛ անձնապէս եւ թէ խմբային առումով
--ատելութիւնը հոգեպէս կը վնասէ թէ՛ ատողը եւ թէ ատուողը:
Յերիւրածոյ ու ապուշ կէտադրութիւն մըն է այս, որ ոչ մէկ արդարացում ունի:
***Հարցական ստորադաս նախադասութիւնը պէտք է սկսիլ թէ-ով:
--Մարդ հարց կու տայ, որ հայը ինչպէ՞ս կրնայ այսքան ատելութեամբ լեցուած ապրիլ:
Եւ այսքան... սխալներով...
***Թուրքի պէս կը հնչէ ինչպէս դերանունը՝ ի՞նչպէս, փոխանակ հնչելու հայու պէս՝ ինչպէ՞ս:
***Չի տիրապետեր ոչ թէ... այլ(եւ) շաղկապի կիրարկութեան.
--Յանձնախումբը պիտի սկսի իր գործունէութիւնը ոչ թէ Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ արտերկրի:
Ուր հայերէնը կ’ըսէ՝ ոչ թէ...այլ:
***Կը տիրէ ահարկու չարաշահութիւն մը անիկա (չըլլալիք) դերանունին.
-- Բարդ եւ խորապէս արմատացած զգացում մըն է անիկա:
--Անիկա կը խթանէ բացասականութիւնը:
--Անիկա անկարելի թուացող գործողութիւնները կը կատարէ:
Թուացող-ն ալ վերադիր. արեւմտահայերէնը կ’ըսէ թուող:
Թուիլ-թուող-թուած:
***Իւրացուցած է թուագրումի խորթ ու վանելի բոլոր միջոցները.
--1987էն 2018 մաս կազմած է քաղաքի հրշէջներու:
Փոխանակ՝ 1987−2018:
--2018էն ետք, ստանձնած սպասարկութեան ղեկը:
Փոխանակ՝ 2018-էն:
--2015էն 2018 եղած է քաղաքի հրշէջներու պետը։
Փոխանակ՝ 2015−2018:
--36ամեակ
Փոխանակ՝ 36-ամեակ:
Մրցոյթ 158.
*** Ինչո՞վ կը փոխարինես կէտերը՝ ստորակէտ, միջակէտ, վերջակէտ, բութ:
---Այս կանոնը ոչ մէկ ատեն գոհացուցիչ կիրարկուած է. (միջակէտ) լաւագոյն գրողներն ալ յաճախ կը սայթաքին:
***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալը.
---Ընկերը այսպէս ողջունեց ներկաները իր բարի գալուստի հակիրճ խօսքին մէջ:
***Հետեւեալ չորսէն ո՞ր մէկը կ’ըսէիր դուն.
--- Արազին կօշիկին կապը Արազին կօշիկի կապը
Արազի կօշիկին կապը Արազի կօշիկի կապը
***Կէտերը փոխարինէ՛ այլ կամ այլեւ շաղկապով:
---Ան ոչ միայն օրապահիկը, այլ ամբողջ ամսաթոշակը կորսնցուց:
Ան ոչ միայն օրապահիկը, այլեւ ամբողջ խնայողութիւնը կորսնցուց:
***Փորձէ ճի՛շդ տեղադրել «1915-էն բաւական առաջ» բառակապակցութիւնը:
---Սեւակ արեւմտահայ հազուագիւտ մտաւորականներէն այն մէկն է, որ 1915-էն բաւական առաջ հեռատեսութիւնն ու նախազգացումը ունեցաւ հայութիւնը զգուշացնելու, մինչեւ իսկ արթնութեան հրաւիրելու, սթափութեան կոչեր ընելու՝ մեր ժողովուրդին դէմ նիւթուող սադրանքներուն դէմ:պատերազմի մէջ ներքաշելու:
Ճիշդ պատասխաած են՝ Գեղամ Խաչատրեան (7), Լիւսի Տէօքմեճեան (8), Համբարձում Յարթունեան (7), Վարդի Դանիէլեան (5), Յովիկ Աթոքեան (4), Ցոլակ Ապտալեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (7):
Մրցոյթ 159
***Ո՞րն է ամէնէն հեզասահը, բարեհունչն ու հայեցին.
--- --Պահ մը պիտի թուի մեզի: --Մեզի պահ մը պիտի թուի:
--Պահ մը մեզի պիտի թուի: --Պիտի թուի պահ մը մեզի:
***Կարելի՞ է աւելի վայելուչ շարադասութիւն մը տալ հետեւեալին.
---Սադրանքները կը միտին պատերազմը ընդարձակելու եւ Լիբանանը պատերազմի մէջ ներքաշելու:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները՝ ըստ կարելւոյն ջնջելով աւելորդաբանութիւն-ները հոն, ուր կայ:
---Վարչապետը յայտարարեց, որ միայն բանակցութեան որպէս արդիւնք պիտի հասնին լուծումի մը:
---Միացեալ Նահանգներ կ’առաջարկէ պետութիւն մը հիմնել, փոխադարձ ստանալով հաշտութեան դաշնագիր մը:
---Իր հիմնական յատկանիշն է մշտարթուն կերպով կառչած մնալը իր սկզբունքներուն վրայ:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com