Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ կայ տխուր էջ մը, որուն գրեթէ ոչ ոք կ’անդրադառնայ, ոչ ոք կը յիշատակէ, ոչ ոքի... գլուխը կը ցաւցնէ. լեզուական թերութեանց յամառ գոյատեւումն է այդ, եթէ ոչ բոլորին, գէթ շատ շատերու քով. սխալը սրբագրելէ, լեզուն սորվելէ, գիտցածը բարելաւելէ խուսափումը: Այս պատճառով ալ կան սխալներ, որոնք տարիներու, տասնամեակներու, մինչեւ դարերու վաղեմութիւն ունին եւ «հաւատարմօրէն» կը վերարտադրուին:
Որովհետեւ անոնց տէրերը չեն ուզեր սորվիլ:
* * *
Քանի մը շաբաթ առաջ էր, որ ակնարկեցի «իսկ» շաղկապի մէկ սխալ կիրարկութեան՝ «Ազդակ»-ի քաղաքական առաջին էջին վրայ:
Հաճոյքով չէի ըներ այդ բանը, թող որ որեւէ սխալի անդրադարձ հաճոյք չի պատճառեր անդրադարձողին. վկայ՝ լուսահոգի Բենիամին Թաշեանը, որուն կեանքը խաչելութիւն մը եղաւ ի խնդիր հայերէնի «թիւրն ու թերի»-ի սրբագրութեան, իսկ ինքը՝ նահատակը հայոց լեզուին:
Նպատակին չհասած հրաժեշտ առաւ ան թիւրէն ալ, թերիէն ալ:
Լեզուի դահիճները յամառօրէն գոյատեւեցին ու նոյն մոլուցքով կառչած են այդ սխալներուն, առանց ցանկալի նշոյլի հորիզոնին վրայ:
Եթէ մարդ իսկ-ին ճիշդ գործածութեան ալ չհասնի, ի՞նչ պիտի ըլլան միւսները:
Հրամեր էք՝
--«Միքաթի կ’ընդգծէ պաշտօնավարութիւնը շարունակելու իր պատրաստակամու-թիւնը, իսկ սէուտցի դեսպանը կ’այցելէ Պըրրիի» («Ազդակ», 24/1/1924, էջ 1):
Ապշած հարց կու տաս՝ թէ ի՞նչ կապ կրնայ գտնուիլ «Միքաթիի՝ պաշտօնավա-րութիւնը շարունակելու պատրաստակամութեան» եւ... «սէուտցի դեսպանի Պըրրիին տուած այցելութեան» միջեւ՝: Ապա կը կարդաս ամբողջ յօդուածը եւ կը նկատես, որ իրօք ալ ոչ մէկ կապ գոյութիւն ունի. անկապակից նիւթեր են ասոնք:
Եթէ այդպէս է,− եւ է՛,− ապա ի՛նչ գործ ունի այստեղ իսկ համադասական շաղկապը:
Իսկ-ը մաս կը կազմէ մեր համադասական շաղկապներու ներհակական կամ հակադրական խմբակին. այլ խօսքով՝ ինչ-որ չափով ու ձեւով հակադիր բառեր եւ մանաւանդ նախադասութիւններ կը կապէ ան. օրինակ՝
--Թորոսը յաջողեցաւ, իսկ Մարկոսը ձախողեցաւ:
--Ամառը տաքէն կը դժգոհի, իսկ ձմեռը՝ ցուրտէն:
--Անոնք ապարանք ունեցան, իսկ դուք խրճիթի մը տէր չդարձաք:
Իսկ-ը կը ծառայէ նաեւ կապելու երկու համանուն հասկացութեանց տարբերու- թիւնները, որոնք մասնաւոր հակադրութիւն չեն նեկայացներ. օրինակ՝
--Անոր փէշը կարմիր էր, իսկ քուկդ կանաչ է:
--Դուն օղի խմեցիր, իսկ ան գարեջուր խմեց:
--Մենք այսօր ճամբայ ելլենք, իսկ դուք վաղը հետեւեցէք մեզի:
Ինչպէս ըսի, մէջբերուած օրինակին մէջ ասոնց նշոյլը չկայ:
Համադասուած են, կեղծ ու շինծու համադասութեամբ, այսինչին պաշտօնավա-՝ րութեան որոշումը, եւ այնինչին տուած մէկ այցելութիւնը ուրիշ մէկուն:
Ոնց որ ըսէինք՝
--«Ան անօթութենէն կաշի-ոսկոր մնացեր է, իսկ Սիպերիոյ կլիման խիստ է»:
* * *
Թերեւս ընթերցողներէս ոմանք տարտամօրէն յիշեն քերականութիւնը, որ կ’ըսէ. «Համադասական է այն բարդ նախադասութիւնը, որուն բաղադրիչները անկախ են իրար-մէ»,− այլ խօսքով՝ մէկը չի լրացներ միւսը, ինչպէս կը պատահի ստորադասական բարդ նախադասութեան մէջ, ուր կայ գլխաւոր լրացեալ մը եւ ստորադաս լրացուցիչ մը.
Հիմնուինք օրինակի մը վրայ.
--Դուն կը գուշակէիր, թէ ան պիտի յաջողէր:
Դուն կը գուշակէիր՝ գլխաւոր նախադասութիւն:
Ին՞նչ կը գուշակէիր,− թէ ան պիտի յաջողէր՝ ստորադաս նախադասութիւն:
Ստորադասը ուղիղ խնդիրն է գլխաւորին, կը լրացնէ անոր գուշակել բայը:
Եթէ այս բարդութեան ստորադաս բաղադրիչը ջնջենք, ապա գլխաւորին միտքը անաւարտ կը մնայ:
--Ի՞նչ կը գուշակէիր... յայտնի չէ:
Այսպէս չէ համադասական բարդութիւնը. ջնջեցէք բերած վեց օրինակներէս որեւէ մէկուն երկրորդ բառադրիչը, պիտի նկատէք, որ մնացածը պիտի շարունակէ ամբողջական իմաստ ունենալ. ինչպէս՝
--Թորոսը յաջողեցաւ:
--Անոր փէշը կարմիր էր:
* * *
Այսուհանդերձ, համադասական բարդութեան բաղադրիչներու այս անկախութիւնը քերականական է միայն, անոնք՝ քերականօրէն անկախ այդ բաղադրիչները, կը կապուին իմաստով եւ միասնաբար կը կերտեն, կը լրացնեն մէ՛կ միտք.
--Թորոսին յաջողութիւնը եւ Մարկոսին ձախողութիւնը ցոյց կու տան քննութեան մը արդիւնքները. այդ երկուքին միութիւնը ահա կը կայանայ արդիւնք հասկացութեան մէջ: Եթէ մենք փորձենք միասնական խորագիր մը տալ այդ երկուքին, ապա պիտի ըսենք՝ «Քննութեան արդիւնքները»: Նոյնպիսի խորագրեր կրնանք տալ միւսներուն եւս.
--Գործածուած խմիչքները
--Ճամբորդութեան թուականները
--Անոնց ունեցուածքները...
Մինչ անոր կաշի-ոսկոր մնալն ու Սիպերիոյ կլիմային խստութիւնը ոչ մէկ խորագիրի տակ կրնան տեղ գտնել, վասն զի անկապակից են այդ միտքերը:
Վերադառնալով «Ազդակ»-ի ներհուն հայագէտի օրինակին, այստեղ Միքաթիի պատրաստակամութիւնն ու սէուտցիին՝ Պըրրիի տուած այցելութիւնը անհամատեղելի են, ըստ այնմ ալ որեւէ հասարակաց խորագիրի տակ չեն ամփոփուիր անոնք:
Այլ խօսքով՝ կը կազմեն անհեթեթ կառոյց մը, որ կ’երթայ միանալու այն հերթական անհեթեթութիւններուն, որոնք ատենը մէյ մը կը զարդարեն այս լուսաւոր էջը, անկէ կը տարածուին ի սփիւռս՝ իբրեւ թարմագոյն նորարարութիւններ:
* * *
Երկու խօսք ալ սէուտցի ածականին մասին:
Կայ քաղաքական արարողակարգ մը, որ պէտք է յարգուի. Պըրրիին այցելող անձը իր սէուտցիի հանգամանքով չտուաւ այդ այցելութիւնը, այլ իբրեւ դեսպանը Սէուտական Արաբիոյ. հետեւաբար պատշաճ է ըսել. «Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը այցելեց...»:
Ճիշդ ինչպէս պիտի չըսէինք՝ «հայ(աստանցի) դեսպանը այցելեց Մաքրոնին»:
Այլ պիտի ըսէինք՝ «Հայաստանի դեսպանը այցելեց Մաքրոնին»:
Մրցոյթ 155.
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալը.
---Իսրայէլ անկարող է իր գերիները ողջ վերադարձնելու՝ առանց Դիմադրութեան նախապայմանները ընրունելու եւ անոր հետ բանակցելու:
---Վարժարան մը կառուցումը ներկայիս նոյնքան մտատանջութիւն է, որքան վարժարանի մը փակումը:
***Ջնջէ՛ աւելորդ բառը:
---Երեխայ պիտի ըլլաս անոնց անկեղծութեան հաւատք ընծայելու համար:
***Կէտերը փոխարինէ հետւեալներէն մէկով՝ թոյլատրել, միջամտել, դատա-պարտել, բողոքել:
---Երբ թշնամիդ սխալներ կը գործէ, երբեք մի՛ փորձեր միջամտել(Նապոլէոն Բոնապարտ):
***Վերաշարադրէ ՝ջնջելով աւելորդ բառերը:
---Ձմռան հետ վերադարձան շնչառական հիւանդութիւնները:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ եազըճեան (6), Վարդի Դանիէլեան (5), Յովիկ Աթոյեան (7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Համբարձում Յարթունեան(7), Գեղամ Խաչատրեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (7):
Մրցոյթ 156
***Փորձէ՛ արտայայտել հետւեալը՝ պահելով միայն վեց բառ.
---Պետական ամավարկին մասին խօսք առնող բոլոր երեսփոխանները քննադատե-ցին կառավարութեան կողմէ մշակուած ամավարկի նախագիծը:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
---Այս լուծումը կրնայ բոլորին համար մտահոգութիւնները փարատող ըլլալ:
---Վարչապետը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն իրենց պատասխանատւութիւնը ճիշդ ձեւով ստանձնելու:
---Կը պահանջենք ապահով կերպով իրենց տուները վերադառնալու՝ Արցախի գաղթականներուն իրաւունքը:
***Քանի մը բառով աւարտէ հետեւեալը.
---Փեթակին մէջ մնացող մեղուն...
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան