1. Իրենց կազմին մէջ «ը» ձայնաւորը ունին՝
--անընդմէջ (ան-ընդ-մէջ --ինքնըստինքեան (ինքն-ըստ-ինքեան)
--խոչընդոտ (խոչ-ընդ-ոտ) --մերթընդմերթ (մերթ-ընդ-մերթ)
--հատընտիր (հատ-ընտիր) --մէկընդմիշտ (մէկ-ընդ-միշտ)
--մէջընդմէջ (մէջ-ընդ-մէջ) --սրընթաց (սր/սուր-ընթաց)
--օրըստօրէ (օր-ըստ-օրէ) --առընթեր (առ-ընթեր)
2. Հայերէնը ունի քանի մը սակաւ կառոյցներ, որոնք ենթակայի պաշտօնով կրնան հաւասարապէս եզակի թէ յոգնակի դիմաւոր բայ ստանալ՝ պահելով նոյն իմաստը. օրինակ՝
--Իւրաքանչիւրս գիտէ իր պարտականութիւնները:
Իւրաքանչիւրս գիտենք մեր պարտականութիւնները:
--Ամէն մէկս թող իր գործին նայի:
Ամէն մէկս մեր գործին նայինք:
Նաեւ ոչ այնքան ընտիր՝
--Իւրաքանչիւր մէկս որոշեց:
Իւրաքանչիւր մէկս որոշեցինք:
Ուրեմն ասոնք օժտուած են ս եւ դ դիմորոշ յօդերով, միւս կողմէ՝ եզակին մեշտ երրորդ դէմքի է, մինչ յոգնակին՝ առաջին դէմքի: Դէմքի եւ թիւի այս այլազանութիւնը խօսքի իմաստին վրայ չ’ազդեր. ասոնք զոյգ-զոյգ ունին նո՛յն իմաստը:
Նոյն կաղապարով կը գործեն նաեւ՝
--Մէկս այս ճամբէն գնաց, միւսս այն ճամբէն գնաց:
--Մէկս այս ճամբէն երթանք, միւսս այն ճամբէն երթանք:
Բերուած բոլոր օրինակները ունին իրենց բ. դէմքի՝ եզակի եւ յոգնակի համարժէք տարբերակնեդը.
--Իւրաքանչիւրդ գիտէ իր պարտականութիւնները:
--Իւրաքանչիւրդ գիտէք ձեր պարտականութիւնները:
Այսպէս ալ մնացեալ բոլորը:
Քիչ մը վերամբարձ ոճ է, սակայն հայերէն է եւ բացառելի չեն հետեւեալները.
--Քանի՞ս հասկցաւ այդ դասը:
--Քանի՞ս հասկցան այդ դասը:
Անշուշտ նոյն կաղապարով կը գործեն ասոնց ժխտականները.
--Ոչ մէկս գիտէ՝ ո՛ւր պիտի երթայ:
--Ոչ մէկս գիտենք՝ ո՛ւր պիտի երթանք:
Բերուած օրինակներուն ենթակայի պաշտօն կատարող բառերուն բոլորը դերանուններ են:
--անորոշ դերանուն՝ մէկս, միւսս
--որոշեալ կամ հանրական դերանուն՝ իւրաքանչիւրս, ամէն մէկս,
--հարցական դերանուն՝ որքա՞նս, քանի՞ս,
--ժխտական դերանուն՝ ոչ մէկս, ոչ միւսս:
Եթէ այս դերանունները զրկենք իրենց ս եւ դ յօդերէն, ապա անոնք բոլորը կը վերածուին երրորդ դէմքի եւ կը պահանջեն եզակի երրորդ դէմքի դիմաւոր բայ. օրինակ՝
--Իւրաքանչիւրը գիտէ...
--Ամէն մէկը թող նայի...
3. Սուրբծննդեան տօներու առթիւ մեր թերթերու ծանուցումները կը պարզեն բաւական խայտաբղէտ երեւոյթներ. անշուշտ... լեզուական, իմա՝ ուղղագրական:
***Կայ բառակերտական շատ տարրական կանոն մը, որ մեր հոգեւոր,-- ըստ մեծի մասի՝ նաեւ աշխարհիկ,-- իշխանները կ’անգիտանան. երբ ածական մը եւ գոյական մը միասնաբար կը կազմեն նո՛ր ածական մը, ապա անոնք կը միաձուլուին եւ կը ներկայանան իբրեւ մէ՛կ համադիր բառ. օրինակ՝
--Փոքր Ասիա > փոքրասիական
--հիւսիս արեւելք > հիւսիսարեւելեան
--Սեւ ծով > սեւծովեան
Բանիւ նովին՝
--Սուրբ ծնունդ > սուրբծննդեան
--Սուրբ գիրք > սուրբգրային
Ինչո՞ւ շատ-շատեր կը յամառին ու կը շարունակեն անջատ գրել այս ստացուած ածականները՝ չեմ գիտեր. շատ ուղեղ չարչարած ու ոչինչ հասկցած եմ:
Շարունակենք:
Ստացուած ածականները հասարակ բառեր են՝ անկախ իրենց բաղադրիչներու բնոյթէն. այդ բաղադրիչները յատուկ են, հասարակ են՝ ոչինչ կը փոխուի կացութենէն. ճիշդ ինչպէս՝ Աստուած կու տայ աստուածային, Երեւան կու տայ երեւանեան:
Հետեւաբար անոնք ենթակայ են գլխագրումի ընդհանուր օրէնքին:
Օրինակ՝
--Սեւծովեան տնտեսական միութիւն
Կազմակերպութեան մը յատուկ անունն է այս, ուստի կը գլխագրեմ:
--Այս քարիւղը սեւծովեան նաւերով փոխադրուեցաւ:
Ոչ մէկ գլխագրում. սովորական բառ մը՝ ածական մըն է ան:
--Դանիէլ եւ Եսայի սուրբգրային մարգարէներ էին:
***Անփութօրէն ցանցնուած են՝ Սուրբ Պատարագ, Սուրբ պատարագ եւ սուրբ պատարագ: Ճիշդը երրորդն է: Բառի մը գլխագրումը կ’իմաստազրկէ զայն. բաղդա-տեցէք բնութեան արքայ առիւծին կորիւնը ձեզի ծանօթ Կորիւն-ին հետ:
***Առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնեմ սապիսի մաղթանք մը.
-- «Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ»:
Ուր կը գլխագրուի բայ մը՝ Ծնաւ-ը:
Եթէ հետեւինք ուղղագրական այս չքնաղ «կանոնին», ապա պարտինք գլխագրել Փրկիչին մնացեալ արարքներն ալ՝ Կերաւ, Խմեց, Քնացաւ, Արթնցաւ, Քալեց եւ այլն:
Մրցոյթ 151.
Վերաշարադրէ հետեւեալը՝ պահելով միայն եօթը բառ:
---Հանդիպումին քննարկուեցան պատերազմի ուրուականը Լիբանանէն հեռացնելու միջոցները:
***Վերաշարադրէ հեետեւեալները.
---Միշտ ըսած ենք, որ վարչապետին իրաւասութիւնները յարգուին:
---Բանագնացները յատուկ բծախնդրութեամբ հաստատեցին Սահմանազա-տու մի կզբունքները:
*** Կէտերը փոխարինէ տարի բառով՝ եզակի կամ յոգնակի:
--Իր հրատարակութեան 100 տարիներուն ան միշտ ալ կարդացուած է:
--Իր հրատարակութենէն 100 տարի ետք կը շարունակէ կարդացուիլ:
Ճիշդ պատասխնած են՝ Գէորգ Եազըճեան (10), Լիւսի Տէօքմեճեան(10), Համբարձում Յարթունեան (10), Յովիկ Աթոքեան (10), Ցոլակ Ապտալեան (2), Քերոբ Էքիզեան (10), Մարք Շիիրին (10), Եփրեմ Թոքճեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (10):
Մրցոյթ 152.
***Հետեւեալ իւրաքանչիւր զոյգէն ընտրէ՛ աւելի բարեհունչն ու հայեցին.
---Իմաստունը յաղթահարելով մոլորութիւնը կը յանգի ճշմարտութեան:
Իմաստունը մոլորութիւնը յաղթահարելով կը յանգի ճշմարտութեան:
---Իմաստունը ճշմարտութեան կը յանգի յաղթահարելով մոլորութիւնը:
Իմաստունը ճշմարտութեան կը յանգի մոլորութիւնը յաղթահարելով:
***Հետեւեալ չորսէն ո՞ր մէկը կը թելադրես ընթերցողներուդ.
---Իմաստունը յաղթահարելով մոլորութիւնը կը յանգի ճշմարտութեան:
Իմաստունը մոլորութիւնը յաղթահարելով կը յանգի ճշմարտութեան:
Իմաստունը ճշմարտութեան կը յանգի յաղթահարելով մոլորութիւնը:
Իմաստունը ճշմարտութեան կը յանգի մոլորութիւնը յաղթահարելով:
***Ջնջէ՛ հետեւեալներուն երեքական աւելորդ բառերը.
---Իրաքցի երկու զօրականներ անօթաչու թռչող սարքով յարձակումի ճամբով ահաբեկուեցան:
---Այդ որոշումը իր մէջ կ'ընդգրկէր երկու երկրորդական անկարեւոր կէտեր:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com