image

Հայերէնը կը զուարճանայ (145)

Հայերէնը կը զուարճանայ (145)

1. Ուղղաթիռային արկածի մը հետեւանքով իրենց կեանքը կը կորսնցնեն մեր շատ սիրելի բանակի երկու սպաներ:  Այս առթիւ մեր թերթերէն մէկուն աշխատակիցը, համակուած ազնուագոյն զգացումներով, կը գրէ.

--Բանակի օդուժին ծառայող երկու սպաներ նահատակուեցան:

Հարցում՝  ճիշդ կիրարկուա՞ծ է նահատակուեցան բայը:

Պատասխան՝  ո՛չ, իր տեղին չէ գործածուած այդ բայը:

*   *   *

Ասորհամարլաւկ'ըլլայ, որ նախ բացատրենք` ի՛նչ է    նահատակ-: 

ՄերբառարանագիրներէնշատվաւերականՄալխասեանըհետեւեալսահմանումներըկուտայանոր.

--Կռուի մէջ առաջ վազող, նախամարտիկ

--Մրցութիւններու մէջ առաջին կռուող, քաջ ախոյան

--Հաւատքի պաշտպանութեան համար կանքը դնող, խոստովանող, վկայ, մարտիրոս

Ինչպէսկըտեսնէք, ան շքեղօրէն լայն բացած է կարկինը եւ թուած է այն բոլոր նշանակութիւնները, որ ունեցած է այս բառը հայոց լեզուի   պատմութեան մէջ:

Արդ, այս սահմանումներէն՝ բառային թէ բառակապակցական, որեւէ մէկուն կը համապատասխանե՞ն  այն երկու սպաները, որոնք զոհ գացած են ինչ-որ մեքենական խանգարումի մը, որ պատահած է օդային տեղափոխութեան մը ընթացքին: 

Մերբոլորյարգանքներովհանդերձ՝   նման բան չկայ:

Ըստայսմալտեղիունեցածընահատակութիւնմըչէ.  անոնք արկածի մը զոհերն են, եւ այսքան միայն:  Լեզուն չընդունիր նահատակ կոչել այդ սպաները: Անոնք պաշտօնի,− եւ ոչ ռազմի դաշտին,−   վրայ զոհուած զինուորներ են:

Յարգանքանոնցյիշատակին, ու այսչափ:

2. Բառերու որսորդ

Այսբառակապակցութեանառաջինանգամհանդիպածեմվաղպատանութեանս՝Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»-ին մէջ, ուր  հեղինակը՝ իմ տնօրէնս եւ հայոց լեզուի ուսուցիչս, «բառերու որսորդ» կը կոչէր Գէորգ Աբովը: Շատ լաւ չէի հասկնար անոր նշանակութիւնը, սակայն կը գուշակէի, թէ բացասական վերագրում մը կը կատարէ Ծառուկեան, որ ինծի ,− եւ ոչ միայն,− համար խօսքի, ճարտար խօսքի կախարդն էր, իր շօշափելի ներկայութեամբը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, նոյնիսկ եթէ այլապէս ալ  գնահատէինք շատ ուրիշներ, ինչպէս Դուրեանը, Վարուժանը, Մեծարենցը, Թումանեանը, Շիրազը, Կապուտիկեանը, այլովք հանդերձ, որոնցմով կը վխտային  սիրեցեալ  Բենիամին Թաշեանի «Հայկարան»-ները, որոնք մեր կեանքին մէջ մուտք գործեցին  նոյնինքն Ծառուկեանին  հետ միաժամանակ՝ 1951-ի աշնան վերամուտին:  

Եւայնուհետեւայլեւսհանդիպածչեմայդբառակապակցութեան՝խորպատկառանքովմտապահելովհանդերձզայն, այն տրամաբանութեամբ, ինչպէս ըսի, որ ան պէտք է շատ խոր նշանակութիւն մը ունենար:

Այսպիսինէրկացութիւնը, ի՛մ կացութիւնս, երբ ահա «Նոր հայկազեան»-ի մէջ պատահմամբ հանդիպեցայ  «ոսորդ բանից» բառակապակցութեան, որ, կենթադրեմ, թէ կիրակբուած է նո՛յն նշանակութեամբ, ինչ որ բառերու որսորդ-ը, եւ որուն կը համապատասխանէ բանորսակ ածականը, ու տակաւին... որսաբանել բայը: 

Մարդաչքերունդժուարկըհաւատայ, որ այսքան հարուստ եղած ըլլայ մեր լեզուն, իսկ լեզուի հարստութիւնը ուղիղ կը համեմատի զայն կիրարկողի իմացական մակարդակին ու որակին. այո, լեզուն մեր իմացականութեան հայելին է:

Աւելցնենք, որ «Նոր հայկազեան»-ը, քառալեզու  ըլլալով, կը դնէ հայերէնի իւրաքանչիւր բառին կից անոր յունարէնը, լատիներէնն ու թրքերէնը՝ այլազան նրբերանգներով, անշուշտ եթէ գոյութիւն ունին այդպիսիները. արդ,  բաներու որսորդ-ն ու իր յարացոյցը կազմող միւս բառերը յունարէն, լատիներէն ու թրքերէն չեն ունեցած:  Ուրեմն  հին աշխարհի մէջ մի՛այն հայուն  յատուկ եղած են համապատասխան հասկացութիւնները:

Եւարդիհայուն, թէկուզ ո՛չ բոլորին, ինչպէս հասարակ մահկանացուիս:

3. «Արեւելեան ԱՄՆ-իթեմի առաջնորդարանի էլ. շաբաթաթերթի նոր թիւին մէջ կը կարդանք<Այժմ հովանաւորի կարիք ունեցող 8 որբերու ցանկ մը ունինք, որոնցմէ վեցը 2020ի պատերազմի նահատակներ են։

Լեզուն միայն աշխարհիկ բարքերու ծիրէն ներս չէ որ կաղաւաղուի, այլ նաեւ... հոգեւոր. այս տխուր ախտաճանաչումի փաստը կու տայ մէջբերուած հատուածը իր  գռեհիկ թափթփածութիւններու խայտաբղէտ  շարանով:

--էլ.  շաբաթաթերթ

Բառս կամ բառակապակցութիւնը ելեկտրոնային շաբաթաթերթ է:

Արեւմտեան  E(lectronic) տառը հայերէն կու տայ  Ե եւ ոչ թէ Է:

Միւս կողմէ՝ յապաւումի պարագային հայերէնը բաղադրիչները կը կցէ գծիկով մը, ինչպէս կցուած  են  Email-ին բաղադրիչները: 

Հետեւաբար  պարտէինք գրել ել-շաբաթաթերթ:

--Մէջբերումը  <…> նշանով չի կատարեր հայերէնը, այլ օրինաւոր չակերտով՝ «...»: 

--Հայերէնը չի գրեր 2020ի, այլ կը գրէ 2020-ի՝ միութեան գծիկով: 

--Նահատակներուն ի՞նչը կը փորձուի հովանաւորել, աւելի ճիշդը՝ նահատակը կը հովանաւորուի՞, տեսնուած բա՞ն է:

Նահատակուողը որբերը չեն, այլ անոնց ծնողները:

Այս անհեթեթութիւնը գրողը  իր գրածին  վերջին աչք մը չէ նետած. ենթադրելի է, որ  զայն վերջին  ակնարկի մը չէ արժանացուցած թեմի անփոյթ առաջնորդը եւս, որ այլապէս այնքան լաւ գիտէ  հաւատացեալներուն ցուցադրել իր ծեքծեքուն զգեստաւորումը՝ խորան բարձրանալու առթիւ:

--Եւ վերջապէս անտեղի  է նահատակ եզրը. տեղի ունեցածը նահատակութիւն չէ, հոգեւոր հաստատութիւն մը պէտք է զանազանէ ցաւալի մահն ու նահատակութիւնը:

Այս բոլորին սրբագրութիւնը  պարզագոյն   եւ իմանալի  հայերէնով կու տայ.

---Արեւելեան ԱՄՆ-ի ... թեմի առաջնորդարանի ել-շաբաթաթերթի նոր թիւին մէջ կը կարդանք. «Այժմ ունինք  հովանաւորի կարօտ  ցանկ մը 8 որբերու, որոնց վեցին ծնողները  2020-ի զոհեր են»։

 

Մրցոյթ142.

***Կէտերը փոխարինել որ կամ որպէսզի շաղկապներով.

---Մենք նախազգուշացուցած ենք ցուցարարները, որ դադրեցնեն  բողոքի ցոյցը:

---Միջազգային ընտանիքը աշխատանք կը տանի, որ ներկայ պատերազմը չտարածուի: 

***Վերաշարադրել հետեւեալը.

---Հարաւային սահմանագիծը  դարձեալ վկայեց  փոխադարձ ռմբակոծումներ եւ հրթիռարձակումներ:

***Ջնջել   սխալ կառոյցները:

---Գարունը հասաւ, եւ ծիծենակները վերաարձան:

---Բնակարանը այնքան ապահով չէ.  ամէն անձրեւի առաստաղը կը կաթկթէ: 

Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (6), Յովիկ Աթոքեան (4), Գէորգ Եազըճեան (6), Գեղամ Խաչտրեան(6), Շաքէ Մանկասարեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (8), Սեւան Տէյիրմենճեան (4), Մարք Շիրին (4), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Համբարձում Յարթունեան(6), Վահէ Աբէլեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (8):

            Մրցոյթ 143.   

***Ջնջել հետեւեալին երկու աւելորդաբանութիւնները եւ վերաշարադրել մնացեալը:

---Աշախատատեղերու աճը պայմանաւորուած է ԼՂ-էն տեղահանուած անձերու աշխատանք առաջարկելու հարցով գործատուներու դրսեւորած  աշխուժութեամբ:

***Կէտերը փոխարինել հետեւեալներէն մէկով՝ վերաբերեալ, սկզբունքով, բերումով, համեմատ:

---Լեհաստան իր տնտեսական   կառուցուածքին . . . . . . . . . . չի կրնար գաղթական ընդունիլ:

***Դուն ինչպէս կը շարադրէիր   հետեւեալները. 

---Այս իրողութիւնը սկսած է ճնշել ու ապագային դրամատուներու սնանկացումին պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ:

---Օտար երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմերու պաշտպանութիւնը լիբանանեան իշխանութեան առաքելութեան մաս կը կազմէ:

---Հրդեհները վերանորոգուած են՝ թշնամի ուժերուն կողմէ  շարունակ  ռմբակոծելու արդիւնքով:


Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com