image

Հայերէնը կը զուարճանայ (122)

Հայերէնը կը զուարճանայ (122)

1.Գիտէի՞ք, թէ բոլորովին տարբեր բաներ են՝

ի՛նքնիրեն    եւ    ինքն իրե՛ն

Թէեւ ունին նոյն բաղադրիչները՝  ինքն եւ իրեն:

Այսուհանդերձ նշանակութեամբ  ու բնոյթով բոլորովին տարբեր են իրարմէ:

ա) ինքնիրեն-ը մակբայ է եւ կը բնորոշէ որեւէ գործողութիւն, որ տեղի կ’ունենայ ենթակային միջոցներով՝ առանց որեւէ արտաքին միջամտութեան կամ նպաստի. Այս պարագային ան կը պատասխանէ դիմաւոր բային վրայ դրուող ինչպէ՞ս  հարցումին, որ յատուկ է մակբայներուն. օրինակ՝ 

Հիւանդը ինքնիրեն կը քալէ:

Ինկած ծերունին ինքնիրեն կանգնեցաւ:

Մեր տղան ինքիրեն կը սորվի դասերը: 

Յստակ է, չէ՞, որ կ’ակնարկուի հիւանդի մը, որ նախապէս հաւանաբար կը քալէր ուրիշներու օգնութեամբ կամ...անուակառքով, իսկ հիմա  կը յաջողի այդ նպաստներէն հրաժարիլ եւ իր միջոցներով քալել. կամ ծերունին, որ առանց անցորդներու միջամտութեան ոտքի ելաւ, կանգնեցաւ. կամ տղու մը, որ սորվեցնողի պէտք չունի, ինչպէս կը պատահի շատ յաճախ, եւ  իր միջոցներով կը յաջողի սորվիլ առօրեայ դասերը: 

Եզակի առաջին եւ երկրորդ դէմքերու պարագային կ’ըսենք ինքնիրենս, ինքնիրենդ:

Իսկ յոգնակի դէմքերուն համար պարտինք ըսել ու գրել՝ մենքմեզի, դուքձեզի, իրենցիրենց. ուրեմն՝ ոչ-անջատ, այլ համադիր. ասոնք կցական բարդութիւններ են:

Թրքերէնի հետեւողութեամբ կ’ըսուի նաեւ՝

ես իմ գլխուս, դուն քու գլխուդ, ան իր գլխուն 

մենք մեր գլխուն, դուք ձեր գլխուն, անոնք իրենց գլխուն 

Օրինակ՝  Մենք մեր գլխուն տուինք այս որոշումը:

Այսինքն՝ որոշումի կայացումին մէջ որեւէ մէկուն հետ չխորհրդակցեցանք կամ որեւէ պարտաւորութեան տակ չտուինք որոշումը:

Այս ոճը  ծնունդ տուած է ինքնագլուխ բառին, որ յատուկ է  աշխարհաբարին. ան հաւասարապէս ածական  է ու մակբայ. օրինակ՝  ինքնագլուխ  քայլ (ածական) եւ ինքնագլուխ որոշել (մակբայ):  

բ) ինքն իրեն-ը անդրադարձ դերանուն մըն է, այսինքն՝ այնպիսին, որուն կատարած գործողութիւնը ենթակայէն ծնունդ կ’առնէ ու կը վերադառնայ նոյն ենթակային. կ’ըսենք՝ «գործողութիւնը ինքն իր վրայ կը կատարէ». օրինակ՝

Թող ամէն մարդ ինքն իրեն ծառայէ:

Ան զարմացած հարց տուաւ ինքն իրեն:

Այս կօշիկը ինքն իրեն համար գնեց:

Ծանօթ.− Ի՛նքնիրեն-ը եւ  ինքն իրե՛ն-ը կը տարբերին արտասանական շատ նուրբ երանգով մը, որ յատուկ է ամէն խօսողի. առաջինին բաղադրիչները զգալիօրէն սերտ ու միասնական կ’արտասանուին, մինչ երկրորդինը թեթեւ, դժուար զգայելի դադարով մը: Նկատել նաեւ իւրաքնչիւրին շեշտադրումը:

2.Ոչ միայն...այլեւ

Հարցասէր  ընթերցող մը կ’ուզէ գիտնալ,  թէ ինչո՞ւ նախորդ առաքումիս մէջ գրած եմ՝ ոչ միայն...այլ, փոխանակ գրելու ՝ոչ միայն...այլեւ... :

«Ոչ միայն մեր, այլ  աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ»:

Այս կանոնին նախապէս անդրադարձած եմ, հիմա  կը վերադառնամ:

Ոչ միայն...այլեւ  կը կիրակենք երբ համադասութեան առաջին բաղադրիչին վրայ կու 

գայ աւելնալու ուրիշ մը, ըսենք՝ քիչ մը աւել աչքառու, ազդեցիկ, ծանրակշիռ. օրինակ՝

--Ոչ միայն կողոպտած են, այլեւ սպաննած:

--Ոչ մայն չեն վճարեր, այլեւ քեզ պարտական կը հանեն:

--Ոչ միայն  անարգած է, այլեւ քանի մը հարուած  տուած է:

Ասոնց մէջ եւ-ը փոխարինելի է ալ շաղկապով. այսպէս՝

--Ոչ միայն չեն վճառեր, այլ քեզ պարտական ալ կը հանեն:

--Ոչ միայն անարգած է, այլ քանի մը հարուած ալ տուած է:

Այս վերջինները  ճիշդ են, միայն թէ  քիչ մը ժողովրդախօսակցական  բնոյթ ունին: 

Ուրեմն այս բոլոր   օրինակներուն մէջ կայ բան մը, որ կու գայ աւելնալու, գումարուելու առաջինին վրայ: Յաւելական համադասութեան օրինակներ են ասոնք:

                 *   *   *

Իմ կիրարկած նախադասութեանս մէջ  այս յարաբերութիւնը չկայ. «աշխարհի բոլոր ժողովուրդները» բառակապակցութիւնը չի կրնար  գալ աւելնալ համադասութեան առաջին անադամին, այսինքն՝ մեր  վրայ, քանի որ մենք մեր կարգին մաս կը կազմենք «աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն». մենք մեր վրայ չենք կրնար աւելնալ:

Ուրեմն բոլոր-ը ընդհանրացնող բառ մըն է, որմէ դուրս բան չի մնար:

Այս պարագային կը կիրարկենք՝ «ոչ միայն, այլ...բոլոր» կաղապարը:

Կան ուրիշ  բառեր,  որոնք նմանապէս կը վանեն «ոչ միայն, այլեւ» կաղապարը. օրինակ՝  ամէն, ամբողջ, նոյնիսկ, մինչեւ իսկ, մանաւանդ,  ընդհակառակն ...օրինակ՝  

--Ան ոչ միայն  կրթաթոշակը հոգաց, այլ մինչեւ իսկ ապրուստն ու տան վարձքը:  

--Ան ոչ միայն չէր մոռցած նախկին սիրուհին, այլ ընդհակառակը աւելի  մեծ սիրով կապուած էր անոր (Սուրէն  Սինանեան, «Տասներկու նովելներ»):

--Ոչ միայն  գրպանը ունեցածը տարուած է, այլ  նոյնիսկ մատի  մատանին:     

                                                       *   *   *

Այս պարագային սխալ կիրարկութիւնները իրենց կարգին  կը վխտան:

             --Տաճիկները ոչ միայն   չէին կարող առաջնորդ հանդիսանալ հայերին, այլեւ նոյնիսկ նրանցից օգտուելու կարիքի մէջ էին գտնւում (Հրաչեայ Աճառեան, ՀԼՊ.2, էջ 569):                           

--Իր պատմած անհեթեթութիւնները ոչ միայն պատմութիւն չեն, այլեւ մինչեւ իսկ հեքիաթ չեն (Բենիամին Թաշեան, «Դեգերումներ Տիրոջ այգիին մէջ», էջ 166):

--Ոչ միայն ի զօրու չէ դուրս գալու քարացած ըմբռնումներից, այլեւ նոյնիսկ չի էլ ցանկանում (Եուրի Խաչատրեան, «Պարզ  խօսքեր», էջ 232):

--Ոչ միայն գրական աշխարհի դռները կը բանար, բայց եւ ամէն օր կը յղկուէր քիչ մը (Երուանդ Քասունի, «Աւետարանական երգարաններ», էջ  14):

--Ոչ միայն մեր պարտականութիւնն է, բայց նաեւ մեր առանձնաշնորհումը (Երուանդ Քասունի, «Քննական  տեսութիւն...», էջ 334):

Ասոնց առաջինները  սխալ կառոյցներ են, իսկ վերջին երկուքը հայերէն ալ չեն, այլ անգլերէնի մեքենական կապկումը՝ not only… but also :

Ծանօթ.− Աւելի խորանալ ուզողները կը յղեմ հետեւեալ կապին, էջ 344. 

http://www.nayiri.com/imagedBook.jsp?id=100000

Մրցոյթ 120. 

***Վերաշարադրէ՛ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.

---Ընկերները միանուագ  կը յանկերգէին  բառեր, նախադասութիւններ ու խօսքեր:

---Կ’ակնկալուի, որ  այս նորաստեղծ  կուսակցութիւնը եւս միանայ բոլորին:

---Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեզ նման մրցանակով մը գնահատելնուն համար:

---Հիւանդանոց մուտք գործելու պատմութիւնը շատ տխուր  է:

---Պատասխանատուները կոչուած են շրջանցելու քաղաքական ամէն տարակար-ծութիւն:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (5), Համբարձում Յարթունեան (4), Գեղամ Խաչատրեան (2), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (9), Պերճ Տէր Սահակեան(2): 

Մրցոյթ 121.

***Լրացո՛ւր ասոյթը.

---Թուրքն ու պարկեշտութիւնը անհամատեղելի են:

    Հոն ուր ներկայ  է թուրքը, կը բացակայի .......... :

    Իսկ հոն ուր ներկայ է .........., ..........   .......... :

***Վերաշարադրէ՛ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ  գոհարները.

---Կ’ակնկալենք, որ հաղորդակցութիւնները պիտի նպաստեն հարցերու լուծման:

---Սրբազանը հայրը երեք յորդորներ  փոխանցեց նորընծայ սարկաւագներուն: 

---Վարչապետը տեսակցեցաւ դրամատան փոխտնօրէնին հետ՝ Փաթրիք Ճոնասի: 

--- Ցաւալի իրավիճակով լիբանանեան թղթոսկին ամէն օր աւելի կը գահավիժի:

armenag@gmail.com                                                                               Արմենակ Եղիայեան