Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուի Մորենօ Օքամփօ, որ զեկոյց գրած էր ՝ բռնագրաւուած Արցախի մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի գործողութիւնները որակելով որպէս «ցեղասպանութիւն», երկրորդ բաց նամակը յղած է աշխարհասփիւռ հայութեան։
Ան նշած է երեք խնդիր, որոնք փոխկապակցուած են:
«Հայաստան Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցելու ընթացքին կը շարունակէ մնալ վտանգի տակ: Յստակութիւն չկայ անոր վերաբերեալ, թէ ինչպէս կրնայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը՝ 2023 թուականի ցեղասպանութեան զոհերը, ապահով վերադառնալ իրենց նախնիներու հողը: 23 հայ պատանդներ կը շարունակեն պահուիլ Պաքուի բանտերուն մէջ։
Ատրպէյճան 2024 թուականի նոյեմբերին Պաքուի մէջ «COP յանուն խաղաղութեան» անուան տակ պիտի հիւրընկալէ COP29-ը՝ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան հարցերով գագաթնաժողովը։ Եթէ հայերն ազատ չարձակուին, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնն անտեսուի COP29-ին մասնակցող պատուիրակներուն կողմէ, ուրեմն նախագահ Ալիեւին կը տրուի հզօր հարթակ՝ ալ աւելի մեծցնելու ամբողջ Հայաստանը զաւթելու իր աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւնները: Նման սենար ոչ միայն կը ժխտէ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղասպանութիւնը եւ պատանդները կը դատապարտէ երկարամեայ բանտարկութեան, այլեւ ամբողջ համայնքն անցեալի մոռացուած մասունք կը դարձնէ, եւ այդ կը մեծցնէ վտանգը Հայաստանի համար», - գրած է Օքամփօ:
Ան նշած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները շատ բարդ բանակցութիւններ կը վարեն:
«Հայութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, եւ ինծի նման մարդիկ, որոնք մտահոգուած են ցեղասպանութիւններով եւ պատերազմներով, պէտք է յարգեն այդ ջանքերը՝ բարձրացնելով խնդիրի մասին իրազեկուածութիւնը եւ համախմբելով ողջ հայութիւնը` պաշտպանելու ժողովուրդն ու հողը:
Եւ այդ տեղի կ'ունենայ. ամբողջ աշխարհի հայերն արշաւ կ'ընեն: 23 օգոստոսին, ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան դիմած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարին՝ ապահովելու Ատրպէյճանէն բոլոր հայ կալանաւորներու ազատ արձակումը: Ան կը գիտակցի Միացեալ Նահանգներու ջանքերը, բայց անհանգստացած է, որ Պլինքընի խօսքերը «անուշադրութեան մատնուած են եւ պիտի շարունակուին անտեսուիլ»:
Անցեալ ամսուան ընթացքին աւելի քան 30 երկիրներէ հազարաւոր մարդիկ, որոնցմէ շատերը հայ նախնիներ ունին, հաւաքուած են թուային ժողովներով եւ ընկերային ցանցերով: Զանոնք միաւորած են նոյն հեշթեկները՝ #COP29, # StopGreenwashGenocide, #FreeArmenianHostages, #FreePoliticalPrisoners։ Այժմ ժամանակն է ընդլայնելու շարժումը եւ կապելու այն ամբողջ աշխարհով որոշում կայացնողներուն հետ: Ալիեւի զոհերը միայն հայերը չեն: Ան կ'ազդէ շրջակայ միջավայրի, ատրպէյճանցի քաղաքացիներու եւ նոյնիսկ եւրոպացի պատգամաւորներուն վրայ։ Ատրպէյճան, որ հարստացած է հանածոյ վառելիքով, առաջատար դիրք կը գրաւէ կլիմայի փոփոխութիւնը շեղող համաշխարհային ջանքերուն մէջ: Վարչախումբը ոչ ոքի կը խղճայ, ան կը ճնշէ լրագրողներուն, ակադեմիկոսներուն եւ իր սահմաններուն մէջ ցանկացած այլախոհի վրայ», - շարունակած է Օքամփօ:
Իրաւապաշտպանի համոզմամբ՝ յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ COP29-ի պատուիրակներէն պահանջել բարձրաձայնել այս հարցերուն շուրջ:
Ան աւելցուցած է, որ ուրախ է 9 սեպտեմբերին Հայաստան այցելելու հրաւէր ստանալուն կապակցութեամբ:
«Սա բացառիկ հնարաւորութիւն կ'ըլլայ հանդիպելու Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ մշակելու ընդհանուր ռազմավարութիւն:
Հայե՛ր, եկէք պաշտպանե՛նք Հայաստանը եւ առաջնորդե՛նք աշխարհը դէպի իսկապէս խաղաղ COP29», - եզրափակած է Օքամփօն: