image

Հայազգի սուսերամարտիկ Եանա Եկորեան՝ աշխարհի ախոյեան

Հայազգի սուսերամարտիկ Եանա Եկորեան՝ աշխարհի ախոյեան

Հայազգի սուսերամարտիկ Եանա Եգորեանը, օրերս, սուսերամարտի աշխարհի առաջնութեան նուաճած է ոսկեայ մետալ, դառնալով աշխարհի եռակի ախոյեան։

31-ամյա հայուհին հանդես եկած է Ռուսիոյ դրօշի ներքոյ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ։

Հայազգի սուսերամարտիկ Եանա Եկորեան Ռուսաստանի մէջ ծնած է եւ այդ երկիրը կը ներկայացնէ միջազգային մրցաշարքերու մէջ։ 31ամեայ մարզիկը շաբաթավերջին հերթական անգամ փայլուն արդիւնք մը ապահովեց, հռչակուելով աշխարհի ախոյեան ու դառնալով աշխարհի եռակի ախոյեան։

Պատժամիջոցներու հետեւանքով Ռուսաստանի ազգային խումբը հանդէս կուգայ չէզոք դրօշակի ներքեւ։ Եզրափակիչ մրցումի ընթացքին Եկորեան 15-11 արդիւնքով վստահ յաղթանակ մը ապահովեց լեհացի մրցակցի դէմ։

Դիտել տանք որ ասիկա Եանա Եկորեանի մարզական կեանքի աշխարհի ախոյեանի առաջին անհատական տիտղոսն է։ Եկորեան նախորդ երկու մետայլներուն տիրացած էր 2015 եւ 2019 թուականներուն խմբային մրցաձեւի մէջ։ Եկորեան նաեւ ողիմպիական կրկնակի ախոյեան է։ Ի դէպ Ռուսաստանի սուսերամարտիկները 2019էն ետք առաջին անգամ է որ կը մասնակցին ամբողջական կազմով եւ չէզոք դրօշակի ներքեւ։