image

Հայաստանը յուշագիր ստորագրած է Amazon–ի հետ

Հայաստանը յուշագիր ստորագրած է Amazon–ի հետ

ՀՀ բարձր տեխնոլոգիական (արհեստագիտական) արդիւնաբերութեան  նախարարութիւնը եւ «Ամազոն Ուէպ Սերվիսը» (Amazon Web Services (AWS)) փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած են։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան  նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Նպատակը Հայաստանի պետական եւ մասնաւոր հատուածներու մէջ արհեստագիտական ենթակառուցուածքն արդիականացնելն ու ամպային ծառայութիւններու ներդրումն արագացնելն է։

«Ամպային հաշուողականութեան համաշխարհային առաջատար AWS-ի հետ գործակցութիւնը բացառիկ հնարաւորութիւն է՝ առաջ մղելու Հայաստանի արդիականացումն ու թուային փոխակերպումը, որն ազգային օրակարգի անբաժանելի մասն է, ամրապնդելու Հայաստանի դիրքը որպէս տարածաշրջանային առաջատար տեխնոլոգիական (արհեստագիտական) կեդրոն»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Փոխըմբռնման յուշագիրը ստորագրած են AWS-ի համաշխարհային հանրային հատուածի փոխնախագահ Մաքս Փեթերսոն եւ ՀՀ նախագահ, ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախկին նախարար Վահագն Խաչատուրեան։