Հայկական կողմի յայտարարութիւնները կը վկայեն այն մասին, որ Երեւանը կը հեռանայ ՀԱՊԿ-ի աշխատանքի բոլոր ձեւաչափերէն:
Այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Փանքինը` պատասխանելով նոյեմբեր 28-ին կայանալիք ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին Հայաստանի մասնակցութեան հնարաւորութեան մասին հարցին:
Անոր հարցուցած են՝ արդեօք Հայաստանի համար հնարաւորութիւն կայ մասնակցելու ՀԱՊԿ յառաջիկայ միջոցառումներուն, այդ շարքին՝ առաջնորդներու հանդիպման. «Հարցն ուղղեցէք հայկական կողմին։ Սակայն, դատելով հայկական կողմի յայտարարութիւններէն, այս փուլին ան կը հեռանայ ՀԱՊԿ գործունէութեան բացարձակապէս բոլոր ձեւաչափերուն մասնակցելէ»,-ըսած է Փանքինը։