image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը դեռ պատասխան մը չունի

Հայաստանը դեռ պատասխան մը չունի

Հայկական կողմի՝ Ատրպէյճանին ուղարկած առաջարկներու վերաբերեալ դեռ որեւէ արձագանգ չկայ: Այս մասին «Փաստինֆո»-ի հարցմանն ի պատասխան ըսած է ՀՀ Արտաքին գորոց նախարարի խօսնակ Վահան Յունանեանը:

«Ինչպէս նախկինում յայտարարել էինք, դեկտեմբերին Հայաստանն Ադրբեջանին է փոխանցել յարաբերութիւնների կարգաւորման վերաբերեալ փաստաթղթի առնչութեամբ հայկական կողմի առաջարկները։ Այս պահի դրութեամբ արձագանգ չունենք»,- նշած է Յունանեան։

Նշենք, որ 2022 թուականի 23 դեկտեմբերին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններէն ետք կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած էր, որ Պաքուն դեռ պատրաստ չէ ամբողջական պատասխան տալու խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ Երեւանէն փոխանցուած առաջարկներուն։

Դեկտեմբեր 22-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած էր, որ Հայաստանը դեռ քանի մը ամիս առաջ Ատրպէյճանին փոխանցած է սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի հետագայ աշխատանքներու վերաբերեալ իր առաջարկները: Երեւանը նաեւ առաջարկներ ուղարկած է տարածաշրջանային հաղորդակցութեան միջոցներու բացման վերաբերեալ։