image

Հայաստանի շունչը Պոլսոյ մէջ՝ Հրանդ Տինք Վարժարան (Լուսանկարներ)

Հայաստանի շունչը Պոլսոյ մէջ՝ Հրանդ Տինք Վարժարան (Լուսանկարներ)

2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի Սիրոյ Սեղանը՝ ի նպաստ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին, որ արդէն քսանամեայ տարեգրութիւն մը ունի Պոլսահայութեան պատմութեան վերջին քառորդին մէջ, տեղի ունեցաւ  Փետրուար 4, 2024-ին, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցիին մէջ։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ զանգակները կը ղօղանջէին ու տաճար կը կանչէին բոլոր անոնք, որոնք Գումգաբու եկած էին Հրանդ Տինք Հայաստանեան դպրոցի տարեկան մատաղօրհնութեան եւ Սիրոյ Սեղանին առիթով։

Վարժարանի ամբողջ ընտանիքը՝ Բարերարներ Տէր եւ Տիկին Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու, Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու՝ Հովիւը Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին, Դպրոցի Վարիչ, ուսուցչական կազմ, պաշտօնեաներ, աշակերտ ու ծնողներ հաւաքուած էին Մայր Եկեղեցւոյ երդիքին տակ ու կը հետեւէին արարողութեան, նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան Սիրոյ Սեղանի միջոցառումին ըսաւ.- «Հրանդ Տինք Վարժարանի առաքելութիւնը բացառիկ է Պոլսոյ միւս 16 վարժարաններու կողքին, որովհետեւ ան ՀՀ կրթական ծրագիրն է որ կ’իրականացնէ, եւ այստեղ ապրող Հայաստանցի աշակերտներուն կը պատրաստէ իրենց կրթութիւնը շարունակելու Մայր Հայրենիքին մէջ։ Այս զաւակները մեր զաւակներն են, եւ հետեւաբար պարտաւոր ենք իրենց համար ապագայ պատրաստել։

Հաւանաբար ոչ Ֆրանսայի եւ ոչ ալ Ամերիկայի մէջ նման վարժարան մը գոյութիւն ունի… Բայց Պոլսոյ մէջ կա՜յ։ Այս ինքնին Պոլսահայութեան կրթական աւանդութիւններուն համար շատ լաւ վկայութիւն մըն է։ Այս Պոլսոյ Հայության իրագործած ազգային ծրագիրն է։

Նայեցէք՝ մէկ կողմս Հայր Վարդանն է՝ Հայ Կաթողիկե համայնքը կը ներկայացնէ, իսկ միւս կողմը՝ Վեր.Գրիգոր Աղապալօղլուն՝ Հայ Աւետարանական համայնքը կը ներկայացնէ, եւ ես՝ որպէս Պատրիարք մեր Առաքելական համայնքը կը ներկայացնեմ։ Մենք բոլորս մէկ ենք՝ Հայ ենք, նոյն ճակատագիրը ունինք, ազգին կը ծառայենք, հետեւաբար մեր այս եկեղեցիներու եւ աւանդութիւններու առկայ տարբերութիւնը չ’ազդեր, որ մենք այս հասարակական յայտարարի վրայ միասնաբար մեր ազգային ծրագիրները իրագործենք։

Այս վարժարանը իւրայատուկ է, որովհետեւ անկարելին կարելի դարձաւ։

Այս առումով իմ յիշատակներս վարժարանի հիմնադիր-տնօրէն տիկին Հերիքնազ Աւագեանի հետ են։ Երբ ես Կետիկփաշայի Եկեղեցիին հովիւն էի, հոն եկած էր ան եւ մեզմէ  սենեակ մը կ’ուզէր, բայց այդ սենեակը այդ գործին համար տրամադրելը դիւրին չեղաւ։ Թաղային Խորհուրդը կը մտածէր օրինական խնդիրներու վերաբերեալ։ Այդ միջոցին Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին իր դռները բացաւ, որովհետեւ այդ եկեղեցին ունի քաջ հովիւ մը՝ յանձին Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլուի։

Ես սրտանց կը քաջալերեմ եւ կը շնորհաւորեմ իր քաջութիւնը, որովհետեւ ճակատագրական պահեր կան, որ երբեմն մարդ պէտք չէ խելքին դիմէ, այլ սրտին։ Ուրեմն ինքը այդպէս վարուեցաւ եւ տեսակ մը թէ՛ իրեն համար, թե՛ Հայ Աւետարանական համայնքին համար եւ թէ՛ Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին համար դարաշրջան մը բացաւ եւ մինչև այսօր այս սուրբ գործը կը յաջողի։ Եւ մենք հոս ենք որպէս համայնք եւ որպէս Պատրիարքարան՝ գործի սկիզբէն ի վեր, որովհետև մենք կը հասկնանք, որ այս գործը սա կամ նա մարդուն գործը չէ։

Այնպէս որ Պոլսոյ հայութեան բարերարներէն Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուի անձին մեջ գտած է ներկայացուցիչներ, եւ ուրեմն իրենք ալ այս խենթ գործին մասնակցած են եւ իրենք ալ ձեռք մեկնած են՝ տէր կանգնելով մեր զաւակներուն իրենց խնամակալութեամբ։

Քսան տարիներ անցան վարժարանի հիմնադրութենէն, եւ միայն Աստուած գիտէ անոր ապագան։ Մենք մեր հաւատքով այս գործը Աստուծոյ ձեռքերուն կը յանձնենք։»

Մինչ նուիրահաւաքումը կը կատարուէր, անդին աշակերտները հրամցուցին յայտագիր մը որ կը ցոլացնէր հայրենի երկրի հանդէպ տենչանքը, եւ մանկա-պատանեկան անմեղութեամբ ի ցոյց կը դնէին այն երազանքները, զորս կը հիւսէին իրենց «տարածքով փոքր, բայց հարուստ պատմութեամբ տոգորուն հայրենիք»ին համար։ «Կտոր մը Հայաստան»՝ անվտանգ, ապահով, բարգաւաճ երկիր կը ցանկային ու ա՛յդ երազը կը հիւսէին իրենց ելոյթներով։

Յայտագրի աւարտին ցուցադրուեցաւ տեսանիւթ մը, որուն մէջ երեխաներու աչքերով կը ներկայացուէր դպրոցի պատմութիւնը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ 9րդ դասարան։

Եւ անշուշտ պատահական չէ, որ Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու իր խօսքին մէջ նշեց որ «Հրանդ Տինք վարժարանը փոքրիկ Հայաստան մըն է, ուր շուրջ 20 տարի՝ ամէն օր դպրոցի յարկին ներքեւ աշակերտներ կը վայելեն Հայաստանի շունչը։»

«Հայ Աւետարանական համայնքի հերոսական պատմութիւնը, Քէմբ Արմէնէն սկսեալ մինչեւ Հրանդ Տինք Վարժարան», ըսաւ Զաւէն Խանճեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէնը։

 

Լիլիթ Պողոսյան
Հրանդ Տինք Վարժարանի Վարիչն ու ուսուցիչններէն մէկը