Հայաստանի օրակագին մէջ ՀԱՊԿ-ի հետ համագործակցութենէն հրաժարելու հարց չկայ, այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեանը։
«Նման հարց չի քննարկուել», -ըսած է ան։
Ազգային Ժողովի փոխնախագահը նշած է, թէ Հայաստանը հրաժարած է ՀԱՊԿ օգնութեան փաթեթէն, քանի որ ՀԱՊԿ-ը չարձանագրեր, թէ ուր կը սկսի ու կ՚աւարտի կազմակերպութեան տարածքը։
«Ցաւօք սրտի, այդ տարածքն ու Հայաստանի կոնկրետ քարտէզն իր սահմաններով չի արձանագրուել, դա է խնդիրը», - նշած է Արշակեանը։
Յիշեցնենք՝ 20 նոյեմբերին յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան իր գործընկերներէն խնդրած է օրակարգէն հանել երկրին օգնութեան մասին փաստաթուղթը։
Պատրաստ ենք Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու. Հայաստանը երբեք չէ խուսափած
Հայաստանը պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու, զրոյցին յայտարարած է Ազգային Ժողովի փոխնախագահը։
«Աւելին, փոխանակւում են խաղաղութեան պայմանագրի տարբեր նախագծեր», - նշած է ան։
Արշակեանը կոչ ըրած է հետեւելու ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան. եթէ նոր մեկնաբանութեան կարիք ըլլայ՝ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս կու գայ անով։
«Հայաստանը երբեք չի խուսափել բանակցութիւններից, ու այն պլատֆորմը, որը գտել է արդիւնաւէտ, բանակցութիւններին մասնակցել է», -ըսած է Ազգային Ժողովի փոխնախագահը։