image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ. Շաքարի գինը կը թանկանայ

Հայաստանի մէջ. Շաքարի գինը կը թանկանայ

Այս օրերուն քաղաքացիները յատկապէս կը զգան շաքարաւազի գինի բարձրացումը, երբ տնային տնտեսուհիները աշխոյժ զբաղուած են քոմփոթ եւ մուրապա պատրաստելով:

NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեանը նշած է, որ շաքարաւազի գնաճը կապուած է սեզոնային պահանջարկի հետ:

Շուկային մէջ գործարարներն արհեստական պակասուրդ ստեղծած են՝ լաւ հասկնալով, որ այս շրջանին նոյնիսկ բարձր գիներով այն լաւ պահանջարկ ունի:

«Նույն վիճակն էր Սուրբ Զատիկի օրերին, երբ ձուի արհեստական դեֆիցիտ (պակասուրդ) էին ստեղծում եւ մարդկանց մօտ արհեստական խուճապ առաջացնում, որ աւելի շատ ձու գնեն, նոյնիսկ սահմանափակում էին մտցրել, օրինակ, իւրաքանչիւր գնորդ կարող է գնել 20 ձուից ոչ աւել»,-յիշեցուցած է փորձագէտը:

Այս պատճառով շաքարաւազի գինը մարզերուն մէջ կը հասնի մինչեւ 470 դրամ: Տնտեսագէտի տուեալներով՝ անցեալ տարուան համեմատ այն սղած է 43%-ով:

Յունուար-Յունիս ամիսներուն ապրանքներու գիներն աճած են 5,7%-ով, սննդամթերքի գիներն աճած են 8,8%-ով: Մարդոց եկամուտները, որոնք, պայմանականօրէն ըսած, աճած են 3-4%-ով, չեն ծածկեր գնաճային ծախսերը: Անցեալ տարի աշխատավարձերը եւ կենսաթոշակները մարդոց թոյլ տուած էին աւելի շատ ապրանք գնել, որ անոնք չեն կրնար իրենց թոյլ տալ այս տարուան աշխատավարձով եւ կենսաթոշակով:

Վերջին շաբաթուան ընթացքին շաքարաւազը սղած է նաեւ Ռուսաստանի մէջ: Սակայն այդ չի կրնար հայկական շուկային մէջ գնաճի պատճառ դառնալ, քանի որ Հայաստանի մէջ օգտագործուող շաքարաւազի 70%-ը կ'ապահովէ ձեռնարկութիւնը, որ կը պատկանի Սամուէլ Ալեքսանեանին, մնացած 30%-ը կը ներմուծուի Ռուսաստանէն եւ Ուքրանիայէն: