image

Հայաստանի մէջ հնարաւոր է տարեկան առ նուազն 100 000 թոն մաքուր պղինձ արտադրել. Գիտնական

Հայաստանի մէջ հնարաւոր է տարեկան առ նուազն 100 000 թոն մաքուր պղինձ արտադրել. Գիտնական

Վերջերս շատ կը խօսուի, որ Հայաստան կրնայ աւելի շատ պղինձ արտադրել, քան կ'արտադրէ հիմա: Հայաստանի Ազգային փօլիտեխնիկական համալսարանի Լեռնամետալուրգիայի (լեռնային մետաղագործութիւն) եւ քիմիական տեխնոլոգիաներու ինստիտուտի տնօրէն, տեխնիկական գիտութիւներու դոկտոր, փրոֆեսոր Արմէն Յովհաննիսեան հաշուարկած է, որ մեր երկրին մէջ հնարաւոր է տարեկան առ նուազն 100 000 թոն մաքուր պղինձ արտադրել, իսկ պղինձի արտադրական շղթայի ներդրումը ՀՀ տնտեսութեան մէջ թռիչքային աճ կ'ապահովէ։ Իսկ ինչի՞ համար անհրաժեշտ է այդքան պղինձ: Գիտնականն այն համոզումը ունի, որ ընդերքի հարստութիւը կրնայ օգտագործուիլ ելեկտրականութեամբ սնուցուող ինքնաշարժներու, արեւային վահանակներու համաշխարհային արտադրութեան մէջ։ Ան այդ տեսակէտը յայտնած է «Sputnik Արմենիա»յի հետ զրոյցին: Ան ըսած է, որ այսօր ամբողջ աշխարհը լիթոնի, կոբալտի, պղինձի մեծ պահանջարկ ունի,  ինչպէս յայտնի է՝ ելեկտրականութեամբ աշխատող ինքնաշարժները պղինձ կ'օգտագործեն, իսկ արեգակնային վահանակներուն համար կ'օգտագործուին լիթոն: Այսօր շատ տարածուած են այս երկու արտադրութիւները: Գիտնականը յուշած է, որ Հայաստան կրնայ իր բնական հարստութիւներու արտադրութեան ծաւալը մեծցնել, նկատի ունենալով, որ Հայաստանի ընդերքը հարուստ է պինդ օգտակար հանածոներով` պղինձով, ցինկով, արծաթով, ոսկիով եւ կապարով:  

 

Գիտնական Արմէն Յովհաննիսեանի  համոզմամբ, բնական աղբիւրները, սակայն, բաւական չեն համաշխարհային շուկային մէջ դիրք գրաւելու ու նաեւ` սեփական տնտեսութիւը զարգացնելու համար։

Անոր համոզմամբ՝ հանքարդիւնաբերութիւնը արդիականցման կարիք ունի։ Ան, այլ մասնագէտներու հետ միասին միշտ կ'ահազանգէ, որ ոլորտը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած է, որոնք այսօր չլուծուելու պարագային, այն վաղը աւելի լուրջ խնդիրներու կրնայ հանդիպիլ։

Կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը, ինչպէս գիտնականն ըսած է, հանքանիւթի մշակման ամբողջական շղթայի բացակայութիւնն է։ Հայաստանը, հանդիսանալով հանքարդիւնաբերող երկիր, չի հանդիսանար վերջնական արտադրանք վաճառող։

«Առաջնային խնդիրներէն մէկն այսօր մաքուր պղինձի արտադրութեան խնդիրն է։ Մենք ընդերքէն կ'արտահանենք հանքաքար, որ կը հարստացուի, եւ այդ հարստացուած հումքը` խտանիւթը, կը վաճառուի։ Մենք ընդհանրապէս պղինձի որեւէ վերջնական արտադրանք չունինք։ Որոշ քանակ կայ մոլիպտենի, որ «Մաքուր  երկաթ», «Մոլիպտեն Փրոտաքշն» ընկերութիւնները կու տան, բայց պղինձ ընդհանրապէս չունինք»,– նկատել տուած է Արմէն Յովհաննիսեան։

 

Պղինձի արտադրութեան ծաւալի մասին բազմիցս բարձրաձայնած է նաեւ ՀՀ կառավարութիւնը` վարչապետի մակարդակով։ Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացումներուն հետեւողները կը սպասեն լուրջ եւ գործնական քայլերու: Սակայն ոլորտի պատասխանատուները առայժմ կը վարանին ամբողջական գործի անցնելու այս առումով, իսկ հիմնական պատճառը, ըստ գիտնականին, արտադրական հզօրութիւներու յաւելումի հետեւանքով հնարաւոր բնապահպանական խնդիրներու առաջացումն է։ Հետեւաբար, ըստ գիտնականին, նախ հարկաւոր է լուծել բնապահպանական կողմէ անվտանգ արտադրութեան հարցը, յետոյ անոր հիման վրայ, զարգացնել արտադրութիւը։ Ի դէպ,  Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան բնապահպանական բաղադրիչը իբր թէ յուզած է նաեւ Ատրպէյճանը: Գիտնական Արմէն Յովհաննիսեան այդ մասին ըսած է. 

«Ատրպէյճանի բարձրացուցած աղմուկի ամբողջ իմաստն այն է, որ խոչընդոտէ ՀՀ տնտեսութեան զարգացումը»: 

 

Ինչ կը վերաբերի մասնագիտական ներուժին, Արմէն Յովհաննիսեան վստահեցուցած է, որ Հայաստանի մէջ այսօր կան բարձր որակաւորման մասնագէտներ, որոնք ընդունակ են ընդերքշահագործման ու հետագայ արտադրական շղթայի համար նորագոյն սարքեր մշակել։ Կը մնայ ցանկութիւն եւ գումար։