image

Ցոլքը սրտիս

Ցոլքը սրտիս

Յանկարծ սրտիս լոյս ծագեցաւ, 

Հըրաշալի փառք մը խաղաղ, 

Լոյս մը տարբեր,

Եւ ո՛չ սովոր կեանքի լապտեր: 

Մինչ խոհերուս մէջը թաղուած, 

Ու զլացող մտքով ապշած՝

Կը նայէի անոր, հանդարտ: 

Եւ ամենէն զարմանալին՝

Զգացումս էր հիանալի, անպատմելի:

 

Չէի գիտեր թէ պատահմա՞մբ, 

Կամ թէ դիտմամբ ինձ միացաւ. 

Լոյս մը տարբեր, լոյս մը անմեռ:

 

Ու շատ չանցած՝

Երկիւղ մը լուռ պատեց հոգիս, 

Արդեօք ինչո՞ւ վրդովեց զիս: 

Թռիչք առաւ, ինչպէս ասուպ, 

Ցոլք մը սրտէս՝ մտքիս ասուն, 

Ու նոր կեանք մը մէջն յղացաւ 

Յոգնած մտքիս, անշարժ մարմնիս, 

Ամբողջովին գրաւեց զիս:

 

Եւ այդ ցոլքը վեհասըլաց, 

Խօսքեր ունէր ինձ պատրաստած, 

Սրտի խօսքեր հոգիներու,

Կեանք չտեսած մանուկներու,

Միլիոն ու կէս հայ գանձերու:

Խօսքեր յոյսի, խորհուրդ մտքի, հայ աշխարհի:

 

Ու զիս տարաւ անջատ երկրէն, եւ ինձ ըսաւ.-

Արձակ գրէ, գրէ երկրէն մինչեւ երկինք, 

արձա՛ն մարդուն,

Կուճ աշխարհին, գրէ զարկը հայոց սրտին, 

միշտ գրէ դուն:

 

Ու շարունակեց.-

 

Թող իմանան թէ մենք ինչպէս, 

Առանց զօրքի եւ ապազէն, 

Կեանք ենք առեր չոր աւազէն, 

Եւ դեռ ո՛ղջ ենք,

   Ու պէտք չունինք լացող սրտի, կարեկցանքի: 

Տոկացե՛ր ենք անհաշտ մութին, 

Իր ստեղծած թշուառ կեանքին:

 

Գրէ՛ տղաս, որ իմանան 

      թէ մենք հայ ենք, եւ գաղթական,

Մշակոյթո՛վ գէթ հայկական, 

      կ'ապրինք յաւերժ եւ անսասան:

 

Փա՜ռք Աստուծոյ,

Ունինք գիրքեր, ռումբէ հզօր, 

Զօրքերը յարգ՝ խաչքար, կոթող, 

Թնդանօթի՛ են համազօր, 

Եւ «Վարդան»ներ սի՛րտ վարարող:

 

Այս ըսելով՝ անհետացաւ...

 

Այդ ցոլքը մեղմ, հանճարալոյս, 

Տըւաւ ճախրանք, թեք կեանքիս յոյս, 

Եւ իմ սրտիս խոր մտասոյզ՝ 

Մշտանորոգ սէ՜ր, արշալոյս:

 

ԿԱՅԼԱԿ 

(Մայիս 05, 2012)

«Սէր Ու Կրակ» գիրքէն

 

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...