image

Հայաստանի իշխող վերնախաւը այցելեց Եռաբլուր (Տեսանիւթ)

Հայաստանի իշխող վերնախաւը այցելեց Եռաբլուր (Տեսանիւթ)

Հայաստանի մէջ Յունուար 28-ին կը նշեն Բանակի օրը` ՀՀ  Զինուած ուժերու կազմաւորման 30-րդ տարեդարձն է: Այս առիթով, Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները այցելեցին Եռաբլուր պանթէոն:

Նշենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վարակուած է «Քովիտ»ով եւ ինքնամեկուսացած է:

Եռաբուր այցելած են Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի բազմաթիւ պատգամաւորներ, այնուհետեւ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը եւ այլ նախարարներ:

Նշենք, որ 1990-ի Աեպտեմբերին Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը ՆԳՆ կառուցուածքին մէջ «յատուկ գունդ» ստեղծելու որոշում ընդունԥց, 1991-ի Մայիս 4-ին կառավարութեան որոշմամբ ստեղծուեցաւ Պաշտպանութեան կոմիտեն, իսկ 1992-ի Յունուար 28-ին ընդունուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան մասին» պատմական  որոշումը` անով փաստելով Հայկական ազգային բանակի ստեղծումը: Յունուար 28-ն տօն եւ ոչ-աշխատանքային օր հռչակուած է արդէն 2001-ին:

Հայկական բանակի ձեւաւորման կարեւորագոյն փուլ կը համարուի 1988-1992 թուականները, երբ կ'ընթանար արցախեան պատերազմը, եւ ռազմական գործողութիւններուն մէջ հիմնականին մէջ ներգրաւուած էին կամաւորական ջոկատները: