image

«Հայաստանի հետ Գերմանիոյ յարաբերութեանց զարգացումը չէ պայմանաւորուած Գերմանիոյ մէջ եղող թրքական ներկայութեամբ». Գերշ. Տ. Սերովբէ եպս. Իսախանեան

«Հայաստանի հետ Գերմանիոյ յարաբերութեանց զարգացումը չէ պայմանաւորուած  Գերմանիոյ մէջ եղող թրքական ներկայութեամբ». Գերշ. Տ. Սերովբէ եպս. Իսախանեան

Օրերս, ՀՀ վարչապետ Փաշինեանի Գերմանիա այցի Ֆոնին, 1in.am  ալիքը  հարցազրոյց մ՚ունեցած է Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գեր. Տ. Սերովբէ եպս. Իսախանեանի հետ:

 Նշենք, որ  հարցազրոյցը  կատարած է  լրագրող Սիրանոյշ Պապեանը եւ նիւթի  շահեկանութեան  համար, այն  արեւմտահայերէնի  վերածելով կը յանձնենք  մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։ 

 

- Աստուած օգնական սրբազան հայր: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք դուք  հայ-գերմանական յարաբերութիւնները: Որքանով Հայաստան կը կարողանայ ճիշդ ձեւով բարեկամներ գտնել ու ձեռք բերել: 

Ես արտաքինէն դիտուած իմ մօտեցումները կրնամ արտայայտել, այնքանով ինչքան տեղեակ եմ: Որովհետեւ հայ գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ,  քուլիսներուն ետեւը տեղի ունեցող բանակցութիւններուն կամ քայլերուն ծանօթ չեմ, բայց կը հետեւիմ: Այդ յարաբերութիւնները ընդհանրապէս բնականոն զարգացումներ ունեցած են: Մենք հայերս անշուշտ եւ իբրեւ գերմանահայեր միշտ աւելին կը սպասենք, միշտ Գերմանիայէն կը պահանջենք, որ աւելի աշխոյժ  ներգրաւուած ըլլայ ե՛ւ Հայաստանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ զարգացման իմաստով, ե՛ւ մանաւանդ Արցախի հարցով, կամ հայ ատրպէյճանական խնդրի առընչութեամբ:  

- Իսկ թրքական համայնքի գործունէութիւնը Գերմանիոյ մէջ որքա՞նով խոչընդոտ կը հանդիսանայ այդ յարաբերութիւններուն սերտացման ըստ ձեզի, հաշուի առնելով, որ շատ մեծ է թրքական համայնքի ներկայացչութիւնը Գերմանիոյ մէջ:

Նկատի ունենալով, որ քաղաքագէտները որոշակի շահեր ունին, քուէներու հարց ունին, վստահաբար մենք չենք կրնար մրցիլ այդ իմաստով թուրքերուն հետ այստեղ: Գերմանիոյ մէջ իւրաքանչիւր հայու դիմաց կ'երեւի կ'ապրի 50-60 թուրք, հետեւաբար Գերմանիոյ թուրք համայնքը մեզի հետ համեմատելի չէ: Յամենայն դէպս, ես կը կարծեմ, որ Գերմանիան կը վարէ այնպիսի քաղաքականութիւն, կամ կը փորձէ վարել անկողմնակալ քաղաքականութիւն, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը չէ պայմանաւորած գերմանական թրքական յարաբերութիւններով:

- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները: Մենք պարբերաբար կը տեսնենք թեւերու բաժնուած հանրութիւն, իրարու հանդէպ մեղադրանքներ, ատելութիւն: Արդեօ՞ք մտահոգիչ է այս հանգամանքը թէ ոչ: Եւ այն որ Հայ առաքելական եկեղեցին երբեմն երբեմն իր գործառոյթներէն դուրս կ'ելլէ եւ քաղաքական յայտարարութիւններ կ'ընէ:

Անշուշտ մտահոգիչ է: Հայաստանի հասարակութեան կամ  հանրութեան երկփեղկուածութիւնը կամ կարելի է ըսել տարափեղկուածութիւնը, անհանդուրժող կեցուածքը, անմիջապէս վիրաւորանքի լեզուին ու վարկաբեկման անցնիլը այս բոլորը անշուշտ որ մտահոգիչ են: Մենք Գերմանիայէն դիտելով մտահոգ ենք այդ երեւոյթներով: Անշուշտ մարդիկ տարակարծիք պէտք է ըլլան եւ ուրախ եմ որ Հայաստանի մէջ այդ իմաստով կայ բազմակարծութիւն եւ մարդ կը կարողանայ արտայայտուիլ, բայց շատ յաճախ ան կը խուսափի իր միտքը արտայայտելէ, որովհետեւ կ'արժանանայ պարզապէս վարկաբեկման եւ վիրաւորանքի: Քննադատութիւնը ինքնին լաւ երեւոյթ է եւ պէտք է միշտ ըլլայ, մանաւանդ իշխանութիւններ քննադատելը, ընդդիմութիւնը ինքնին իշխանութիւնները զգուշացնող զանգը պէտք է ըլլայ: Կ'ըսեն թէ ուժեղ ընդդիմութեան բացակայութիւնը ժողովրդավարութեան քաղցկեղն է, այդ իմաստով շատ բնական է, որ իշխանութիւնները, որոնք աւելի պատասխանատւութիւն ունին, բնականօրէն պէտք է քննադատուին:

Ինչ կը վերաբերի հայ եկեղեցւոյ իր գործառոյթներէն դուրս ելլելուն, ես այդպէս չեմ տեսներ հարցը, այլ մենք ազգային պետական խնդիրներու վերաբերեալ մեր մտահոգութիւնները բնականօրէն կ'արտայայտենք, արտայայտած ենք նախապէս եւ կ'արտայայտենք նաեւ ներկայ պահուն, ես եթէ Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացի եմ, ուրեմն լիիրաւ իրաւունքներ ունիմ իմ տեսակէտները արտայայտելու, հակառակ պարագային  կարելի է երթալ ծայրայեղութեն եւ ըսել, որ հոգեւորականները ընտրելու իրաւունք չունին, մինչդեռ մենք քաղաքացիներ ենք.  մենք իբրեւ եկեղեցի քաղաքական այս կամ այն կուսակցութեան չենք յարիր, բացարձակապէս անկողմնակալ ենք իբրեւ այդպիսին, բայց ազգային պետական խնդիրներու վերաբերեալ, լեռնային Ղարաբաղի հարցով, բնական է որ եկեղեցին իբրեւ այս ժողովուրդի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկը, հոգեւոր կառոյցներէն մէկը, տեսակէտը արտայայտէ, իր մօտեցումները արտայայտէ, եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսն ալ իր յորդորը ուղղէ հայութեան, իշխանութեան  գլուխ եղողներուն կամ ընդդիմութեան:

- Սրբազան հայր, ընդհանրապէս այն ինչ կ'անուանենք քննադատութիւն, որքանով կ'ըլլայ առողջ քննադատութիւն եւ որքանով ատելութեան խօսք: Ձեր վերլուծութիւնները ինչ ցոյց կու տան, արդեօ՞ք մենք գործ ունինք առողջ քննադատութեան հետ, խօսքը երկու կողմերու մասին է, կամ աւելի շատ փոխադաձ մեղադրանքներու եւ ատելութեան:

Ես կը կարծեմ, ցաւօք, որ աւելի կ'իշխեն փոխադարձ մեղադրանքը, ատելութեան խօսքը, վարկաբեկումը, մինչդեռ ժողովրդավարութիւնը այդ չի պահանջեր: Սքանչելի օրինակ մը նոր կտակարանը կը ներկայացնէ, ուր կ'ըսէ «Ատեցէք իբրեւ ազատներ, բայց ազատութիւնը իբրեւ պատրուակ, առիթ մի դարձնէք», հայերէնի մէջ արդէն քննադատութիւն բառը այդ կ'ատայայտէ, քննել եւ դատել, իսկ մենք քննելու բաժինը մէկ կողմ կը ձգենք ու անմիջապէս կ'անցնինք դատելու, եւ այդ դատել ալ չէ, այլ շատ յաճախ մեղադրանք, զրպարտութիւն: Մինչդեռ ընդդիմութեան, իշխանութեան, հասարակութեան մէջ խիստ բանավէճերը անհրաժեշտութիւն են, բայց մենք, յաճախ կը շփոթենք խիստ բանավէճը զիրար մեղադրելու ու զիրար զրպարտելու հետ ինչ որ մերժելի է: Օրինակ՝ Գերմանիոյ մէջ քաղաքական կեանքին մէջ ներկայ են 6-7 կուսակցութիւններ, որոնք չափազանց բանավէճեր կը վարեն, նախընտրական շրջանին կամ ընտրութիւններէն յետոյ կամ խորհրդարանին մէջ, բայց անոնք իրարու թշնամիներ չեն: Երբ հարցը կը վերաբերի պետական շահին, պետական շահը գերիշխող պէտք է դառնայ մնացած բոլոր շահերէն: Բոլոր կուսակցական շահերէն, բոլոր տեսակի հատուածական շահերէն վեր պիտի ըլլայ պետութեան շահը, ինչպէս կ'ըսեն, իշխանութիւնները, նաեւ եկեղեցականներս կու գանք ու կ'երթանք, հայրենիքը, պետութիւնն ու եկեղեցին են մնայունը, եւ այդ մնայուն արժէքներու համար իւրաքանչիւրս պատասխանատւութիւն ունինք:

- Իսկ այն ինչ տեղի կ'ունենայ այսօր, ըստ էութեան ձեր ըսածներուն հետ կապ չունի՝ առողջ քննադատութեան, իրար օգնելու, աջակցելու, փոխադարձ մեղադրանքները ի զօրու չըլլալու, իրար լսելու:

Ցաւօք, այո, յաճախ իմ ըսածներուն հետ կապ չեն ունենար: Նաեւ քննադատութեան պարագային, երբ կը քննադատենք իշխանութիւնները, վերջիններս պէտք ունին այդ քննադատութեան, պէտք ունին ընդդիմութեան, որպէսզի չլճանան, որպէսզի իրենք իրենց հանգիստ չզգան: Քննադատութիւնը տամոքեան սուրի պէս կախուած պէտք է ըլլայ իշխանութիւններուն վրայ, պատասխանատւութիւնը իշխանութիւններուն վրայ է, ընդդիմութեան գործառոյթը քննադատութիւնն է, ընդդիմութեան գործառոյթը իշխանութեան ցանկացած քայլ խոշորացոյցի մէջ առնել ու քննադատելն է: Բայց ընդդիմութիւնն ալ ունի ի՛ր պարտաւորութիւնները, թէ ինչպէս պէտք է ըլլայ այն, եւ իւրաքանչիւր քննադատութիւն, իւրաքանչիւր խօսք, որ կը հնչէ պէտք է ծառայեցուի Հայաստանի ընդհանուր պետական շահերուն:                      

    Սիրանոյշ  Պապեան   

  1in.am