Մոսկուայի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները ներկայիս տեղի ունեցող զարգացումներէն բնաւ օգուտ չեն քաղեր, այլ ընդհակառակը՝ աւելի կը վատթարանան։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա, «Սփութնիք» ձայնասփիւռի կայանի ուղիղ եթերին։
Զախարովա անդրադարձած է Պաքուի մէջ «Սփութնիք Ատրպէյճան» լրատուական գործակալութեան մէջ կատարուած խուզարկութեան եւ գործակալութեան ղեկավարին ու գլխաւոր խմբագրին ձերբակալութեան։
«Կը փափաքիմ ուշադրութիւն հրաւիրել այն հանգամանքին վրայ, որ այս բոլոր տարիներուն այդ զանգուածային լրատուամիջոցը գործած է, այնտեղ գործած են գլխաւորաբար Ատրպէյճանի քաղաքացիներ, Ռուսիոյ քաղաքացիներ ալ եղած են։ Ատրպէյճանական կողմը երբեք դժգոհութիւն չէր յայտնած այդ լրատուամիջոցին՝ ո՛չ ձեւի, ո՛չ բովանդակութեան առումով», — ըսած է ան։
Զախարովա աւելցուցած է, որ թերեւս ոմանց համար նիւթ մը անընդունելի եղած է, սակայն պաշտօնապէս դժգոհութիւն չէր փոխանցուած ո՛չ լրատուամիջոցին, ո՛չ ալ լրագրողներուն։
«Ակնյայտ է, որ ձեռնարկուած քայլերը բխած են այլ դիտարկումներէ։ Եւ դարձեալ, այդ մասին երէկ՝ Յուլիս 1-ին, փոխանցուած է Ատրպէյճանի դեսպանին Մոսկուայի մէջ», — շեշտած է Զախարովա։
Ան յիշեցուցած է, որ Յուլիս 1-ին Ատրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆաեւ հրաւիրուած էր Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր իրեն «խիստ վերջնագիր» ներկայացուած էր։
Եկատերինպուրկի դէպքերուն անդրադառնալով, Զախարովա նշած է, որ «երբ մարդիկ կը մահանան, այդ իհարկ է ողբերգութիւն է», եւ այդ մասին անմիջապէս հաղորդուած է Ռուսիոյ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ, որոնք սկսած են ուսումնասիրել եւ համապատասխան քայլեր իրականացնել։
Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան եւ Ատրպէյճանը բազմաթիւ ոլորտներու մէջ գործակցութիւն ունին եւ բարեկամական յարաբերութիւններ կը պահպանեն։
«Իրապէս, բարեկամական յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են։ Իսկ անոնք, որոնք կը փորձեն այդ յարաբերութիւնները վնասել, պէտք է լաւ մտածեն, թէ ինչ կ՚ընեն», — եզրափակած է Զախարովա։
Յունիս 27-ին Ռուսիոյ անվտանգութեան ուժերը խուզարկութիւններ կատարած են Եկատերինպուրկի մէջ՝ ձերբակալելով քանի մը ատրպէյճանցիներ, որոնք կապ ունէին տարիներ առաջ տեղի ունեցած սպանութիւններու հետ։ Ձերբակալութիւններու ընթացքին երկու հոգի մահացած է։ Ռուսիոյ Քննչական Կոմիտէն յայտարարած է, որ անոնցմէ մէկուն մահուան պատճառը եղած է սրտի անբաւարարութիւնը։
Զոհերու մարմինները փոխադրուած են Ատրպէյճան, ուր բժշկական փորձաքննութեամբ նշուեցաւ, թէ մահը պատճառուած է բռնութեան հետեւանքով։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոք յայտնեց Ռուսիոյ։
Պաքու այս իրադարձութիւններէն ետք արշաւ սկսան Մոսկուայի դէմ։ Յունիս 30-ին խուզարկութիւններ կատարուեցան Պաքուի մէջ գործող ռուսական «Սփութնիք Ատրպէյճան» գործակալութեան գրասենեակին մէջ, որու ղեկավարը եւ գլխաւոր խմբագիրը 4 ամսուան կալանքի տակ առնուեցան։
Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոք յայտնեց լրագրողներու կալանաւորման կապակցութեամբ։
Պաքուի մէջ 4 ամսուան կալանքի տակ առնուեցան նաեւ ութ Ռուսիոյ քաղաքացիներ, որոնց մեղադրեցին կազմակերպուած յանցախումբի մասնակցութեան, Իրանի կողմէ թմրամիջոցներ տեղափոխելու եւ «սայպըր» յանցագործութիւններու մէջ։
Միաժամանակ Ռուսիոյ մէջ բերման ենթարկուեցաւ Եկատերինպուրկի ատրպէյճանեան համայնքի ղեկավար Շահին Շիխլինսկին, որ հարցաքննութենէն ետք ազատ արձակուեցաւ։