Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն առանձնազրոյց ունեցած է Իրանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցման նախարար, զօրագունդի զօրավար Ազիզ Նասիրզատէի հետ։ Այս մասին յայտնած են պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։
Առանձնազրոյցին յաջորդած է պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։
Նախարարները բարձր գնահատած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան մակարդակը։ Քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ համագործակցութեան ընթացքին վերաբերող հարցեր:
Զրուցակիցներն անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցերու: