image

Հայաստանի Արտաքին գործոցը ցաւակցած է Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ

Հայաստանի Արտաքին գործոցը ցաւակցած է Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւակցած է Ռուսիոյ՝ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ։

«Ցնցուած ենք Մոսկուայում տեղի ունեցած անմարդկային ահաբեկչութեան մասին սարսափելի լուրերից: Խորապէս սգում ենք անմեղ մարդկանց կորուստը եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթում բոլոր վիրաւորներին եւ տուժածներին»,-ըսուած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Ահաբեկչութեան կապակցութեամբ ցաւակցութիւն յայտնած են նաեւ Պելառուսիան, Ատրպէյճանը, Ղազախստանը, Ղրղըզստանը, Եգիպտոսը, Թուրքիան, Գերմանիան, Միացըալ Նահանգները։

Նշենք, որ Մարտ 22-ին Անյայտ անձինք կրակ բացած են Մոսկուայի մարզի Crocus City Hall համերգասրահին մէջ, ուր կ՚ընթանար «Փիքնիք» խումբի համերգը։ Շէնքին մէջ պայթում որոտացած է, հրդեհ բռնկած է։ Կը հաղորդուի 40 զոհի եւ աւելի քան 100 վիրաւորի մասին։