Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիցոն պիտի ժամանէ Հայաստան՝ մասնակցելու «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովին։ Այս մասին տեղեկացուցած է համաժողովի պաշտօնական կայքը։ Ան պիտի մասնակցի համաժողովի հանրային քննարկումներէն մէկուն։
Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ համաժողովին պիտի մասնակցին նաեւ Մոնթենեկրոյի արտաքին եւ եւրոպական գործոց փոխվարչապետ Ֆիլիփ Իվանովիչ, Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն։