image

Հայաստան պիտի այցելէ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմս Օ'Պրայեն

Հայաստան պիտի այցելէ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմս Օ'Պրայեն

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայըն յունիս 10-12-ը պիտի այցելէ Հայաստան, յայտնած է Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Օ’Պրայըն կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ պիտի քննարկէ Նահանգներու աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ճանապարհի առաջընթացին, ներառեալ՝ Ալմա-Աթայի հռչակագիրը որպէս սահմանազատման հիմք օգտագործելը, ըսուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ուրբաթ օր հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Արտաքին գործոց նախարարի օգնականը նաեւ պիտի գլխաւորէ հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան հանդիպումը, որ պիտի գնահատէ երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ ձեռք բերուած զգալի առաջընթացը եւ պիտի քննարկէ հետագայ քայլերը: Արտաքին գործոց նախարարի օգնական Օ’Պրայըն պիտի հանդիպի նաեւ գործարար համայնքի, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ։