image

«Հայաստան» խմբակցութիւնը կը քննարկէ նախագահի թեկնածու առաջադրելու առաջարկը

«Հայաստան» խմբակցութիւնը կը քննարկէ նախագահի թեկնածու առաջադրելու առաջարկը

Մենք ներկայիս քննարկման փուլի մէջ ենք: Քանի մը չափանիշեր նկատի առնելով` յառաջիկային աւելի ճշգրիտ կը յայտարարենք: Այս մասին ԱԺ խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ընթացքին յայտնեց «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը` անդրադառնալով հարցին` կը քննարկե՞ն նախագահի թեկնածուի տարբերակներ, առաջադրման հարց:

Հարցին` կը քննարկեն պիտի առաջադրելե՞ն, թէ՞ ոչ, Մինասեանը արձագանգեց` միանշանակ: «Այն չափանիշները, որոնք ամրագրուած են նաեւ Սահմանադրութեամբ եւ ենթադրում են նախագահի կարգավիճակի` համազգային նպատակների հետապնդող եւ համախմբում ապահովող անձին բնորոշ չափանիշներ, բնականաբար թեկնածութեան եւ առաջադրման մասով կը ներկայացնենք մեր որոշման մասին», ըսաւ ան:

Դիտարկմանը, որ ըստ Նիկոլ Փաշինեանի` նախագահը պէտք է ներդաշնակ ըլլայ իշխող ուժին հետ, Մինասեան արձագանգեց, որ յառաջիկային աւելի յստակ պիտի ներկայացնեն իրենց չափանիշերը:

«Նիկոլ Փաշինեանի խօսքը վերաբերում էր իր իշխանութեանը, եւ ակնյայտ էր, որ այս խօսքի մէջ չկար այն հիմնական նպատակադրումը, որն անհրաժեշտ է մեր այսօրուայ վիճակից դուրս գալու համար: Նախագահը չի կարող միայն քաղաքական մեծամասնութեան «սրտի» նախագահը լինել», ըսաւ Մինասեանը:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեանի կարծիքով ալ` Փաշինեանի այդ յայտարարութիւնը կը նշանակէ, որ ան որպէս ՀՀ նախագահ կ'ուզէ տեսնել մէկը, որ ընդհանրապէս որեւէ առարկութիւն չի հնչեցներ որեւէ հարցի վերաբերեալ: «Ասինքն` մարդ, որը լուռ կը լինի եւ անհաղորդ կը լինի երկրում ստեղծուած իրավիճակին», նշեց պատգամաւորը: