Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ ԻԱ Մինասեան օրերս ստանձնած է նոր պարտականութիւն։
Հոգեւոր Տէրը բարձր վստահութեան մթնոլորտի մը մէջ ընտրուած է Մերձաւոր Արեւելքի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Խորհուրդին մօտ Կաթողիկէ եկեղեցիներու ներկայացուցիչ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան MTV կայանէն, որ նաեւ նշած էր, որ Պատրիարք հօր ընտրութիւնը կայացած էր Գահիրէի մէջ, ուր օրերս Մերձ. Արեւելքի Քրիստոնեայ եկեղեցիներու խորհուրդը իր լիակատար նիստը գումարեց։
Ի սրտէ յաջողութիւն եւ Քրիստոսաւանդ օրեր կը մաղթենք Հոգեւոր Տէրոջ։