image

Հայ Կարիքի Խաչի Կաղանդի պազարը Գահիրէի մէջ

Հայ Կարիքի Խաչի Կաղանդի պազարը Գահիրէի մէջ

Գահիրէի  «Յուսաբեր»էն կը կարդանք՝ 

Կիրակի, 19 Դեկտեմբերի, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ գահիրէի Հայ Կարիքի Խաչի կազմակերպութեամբ՝ ամանորին ընդառաջ, սիւնագաւիթին մէջ տեղի ունեցած է աւանդական պազար։ Աւելի ուշ, ակումբի սիւնագաւիթին ու «Գարագաշեան» սրահին մէջ մատուցուած է կէսօրուան ճաշին եւ ակումբ այցելած է կաղանդ պապիկը, ուրախացնելով ներկայ փոքրերուն եւ մեծերուն։

Վարձքը կատար կազմակերպիչ վարչութեան եւ աշխատողներուն։