image

Հայ եկեղեցին այսօր կը նշէ Վարդավառի տօնը 

Հայ եկեղեցին այսօր կը նշէ Վարդավառի տօնը 

Այսօր կը  նշուի Քրիստոսի պայծառակերպութեան տօնը (Վարդավառ), այն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ 5 տաղավար տօներէն մէկն է, որուն յաջորդող մեռելոցի երկուշաբթին այս տարի աշխատանքային է:  

Տօնը կը նշուի Սուրբ Զատիկէն 98 օր յետոյ՝ 28 յունիսէն 1 օգոստոսի ժամանակամիջոցին: Տօնին պատմութիւնը կու գայ հեթանոսական ժամանակաշրջանէն, հին ժամանակ վարդավառի տօնը կը կապէին հայկական դիցարանի ջուրի, սիրոյ, պտղաբերութեան եւ գեղեցկութեան աստուածուհի Աստղիկի հետ: Վարդավառի տօնը կը նշուէր ժողովրդական մեծ հանդիսութիւններով: Աստղիկին վարդեր կը նուիրէին, աղաւնիներ կը թռցնէին ու իրարու վրայ ջուր կը ցողէին: Ջուր ցողելու սովորոյթը պահպանուած է նաեւ մեր օրերուն: Վարդավառի խորհուրդը նաեւ եղած է ջուրի պաշտամունքը, երբ աղերսած են արգասաւորութիւնն ու պտղաբերութիւնը հովանաւորող ուժերուն:  

Աւելի վաղ ժամանակներուն տօնակատարութիւնը տեղի ունեցած է սարերը, ջուրերու ակունքներուն մօտ, որոնք համարուած են իւրօրինակ սրբատեղիներ, ի պատիւ ջուրը հովանաւորող ոգիներու այդտեղ կատարուած են նաեւ զոհաբերութիւններ: Ջուրին աղերսուող ծէսերը ունեցած են անձրեւ խնդրելու եւ հնարաւոր երաշտը կանխելու նշանակութիւն: Նշենք նաեւ, որ տօնը սիրուած է երեխաներու կողմէ:  

Վարդավառը նաեւ բերքահաւաքի հետ կապուող առաջին տօներէն էր, որու ծէսերը մասամբ նուիրուած էին բերք ու բարին ապահովող աստուածութիւններուն: Վարդավառին սովորաբար եկեղեցւոյ նուիրաբերած են հասկեր, աղերսած որ արտերն ու այգիները զերծ մնան աղէտներէն (կարկուտէն, մորեխէն), ծառերու դալար ոստերով զարդարած են տուները, ծաղկեփունջեր նուիրած իրարու, աղաւնիներ թռցուցած, կազմակերպած են ջրախաղեր, զուարթութիւններ, խնճոյքներ: Անասնապահները ծաղիկներով զարդարած են անասուններու ճակատները եւ այլն: Շատ գաւառներու մէջ վարդավառին կրկնուած են Տեառնընդառաջի, այլուր՝ Համբարձման շարք մը արարողութիւններ, օրինակ՝ վիճակ հանելու սովորութիւնը: Որոշ տեղեր վարդավառը տօնած են հաստատուն օր (22 յուլիսէն յետոյ առաջին կիրակի օրը), այլուր՝ Ս. Զատիկէն 98 օր յետոյ: Ներկայիս վարդավառը կորսնցուցած է երբեմնի նշանակութիւնը, գիւղերու մէջ կը կազմակերպեն խնճոյքներ, զբօսանքներ: 

Մեր ընթերցողներուն կը մաղթենք ուրախ եւ անփորձանք վարդավառ: