Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարգաւորման գործընթացին մէջ Ռուսիոյ դերն այլընտրանք չունի, այդ դերակատարումը շատ մեծ է եւ բացառիկ. այս մասին «Ռոսիա 24» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։
Ան ընդգծած է, որ Ռուսիոյ եւ անոր ղեկավար Վլատիմիր Փութինի միջնորդական ջանքերու շնորհիւ հնարաւոր եղած է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները 2020-ի նոյեմբերին եւ 2023-ի սեպտեմբերին:
Կալուզինը յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ հովանիի ներքոյ մշակուած են ռուս-հայ-ատրպէյճանական պայմանաւորուածութիւնները՝ կարգաւորման գործընթացի հետագայ քայլերու շուրջ:
«Այսօր մեր առջեւ առաջադրանք կայ՝ օգնել մեր գործընկերներուն՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, դուրս գալ հաշտեցման եւ խաղաղ փոխգործակցութեան կայուն ուղիի վրայ, օգնել ստեղծել փոխըմբռնման եւ վստահութեան մթնոլորտ, որ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը ըլլայ կայուն եւ խաղաղ: Այս ծիրէն ներս մենք առաջնային նշանակութիւն կու տանք եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման: Պէտք է ըսեմ, որ այս հարցով մենք մեր հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներու հետ լուրջ յաջողութիւններու հասած ենք կարգաւորման շատ ոլորտներու մէջ»,-ըսած է Կալուզինը։