image

«Հաւատք եւ Ցեղասպանութիւն» Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

«Հաւատք եւ Ցեղասպանութիւն» Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

 

 

Եթէ մոռնանք 1,5 միլիոն հայերու նահատակութիւնը, արտօնագիր արձակած կ'ըլլանք աշխարհին, որպէսզի ան նոր Թալէաթ փաշաներ ծնի: Իսկ եթէ զայն յիշենք այնպէս մը, որ մեր ազգային ինքնութիւնը զօրացնող միակ աղբիւրը ըլլայ, կը նշանակէ մեր վէրքը բուժուած չէ եւ մեր ինքնութեան գիտակցութիւնը վերատեսութեան պէտք է ենթարկուի: Վիրաւոր ինքնութիւն մը ուղիղ որոշումներ չի կրնար առնել:

«Չենք ուզեր, եղբայրներ, որ տգէտ ըլլաք ննջեցեալներուն վրայով, որպէս զի չտրտմիք ինչպէս ուրիշները՝ որոնք յոյս չունին» (Ա. Թես. 4:13)։

Ս. Պօղոս առաքեալի այս խօսքը Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծէսին մէջ կ'ընթերցուի թաղման արարողութեան ժամանակ: Եկեղեցին այս համարին միջոցաւ կ'ուզէ յիշեցնել հաւատացեալներուն, որ քրիստոնեան մահուան եւ ցաւի նկատմամբ տարբեր մօտեցում ունի քան ուրիշները:

Ցեղասպանութիւնէն վերապրող ամերիկաբնակ տիկին մը հետեւեալ վկայութիւնը կու տայ իր մեծ հօր մասին: Այս տիկինը զէյթունցի էր, որ սակայն իր շատ փոքր տարիքէն Մարաշ փոխադրուեր էր իր ծնողքին եւ ազգականներուն հետ: 1915 արհաւիրքի օրերուն, թրքական կառավարութիւնը զինուորագրման համար իր հայրը կը տանի եւ հոն ան կը մահանայ: Ապա զանգուածային տեղահանութեան պատճառով ան իր մօր, մեծ հօր եւ այլ ազգականներու եւ դրացիներու հետ միասին կը թողուն իրենց բնակավայրերը եւ անապատի մէջէն երկար ճամբորդութիւն մը կը սկսին դէպի Հալէպ: Ճամբուն ընթացքին փոքր աղչնակը յոգնած եւ ծարաւած իր մեծ հօր կը հարցնէ՝ « Մեծ հայր ո՞ւր կ'երթանք»: Մեծ հայրը կը պատասխանէ պատասխանէ ՝ « Երուսաղէմ կ'երթանք աղչնակս». ապա իր կքած ուսերուն վրայ դնելով զայն կը շարունակէ ճամբան: Աղջնակը չի հասկնար իր մեծ հօր նպատակը, սակայն վստահելով անոր կը շարունակէ ճամբան: Շատեր կը մահանան, ուրիշներ կը սպաննուի այս ճամբորդութեան ընթացքին, սակայն այս աղչնակը իր ընտանիքին հետ կը հասնի Հալէպ: Տարիներ ետք մեծ հայրը մահամերձ վիճակին մէջ, իր մօտ հը հաւաքէ իր սիրելիներ, որպէսզի վերջին պատգամը տայ անոնց: «Մտիկ ըրէք» կ'ըսէ իմաստուն ծերունին « ինչ որ պատահի ձեզի, նոյնիսկ եթէ դանակ դնեն ձեր վիզերուն, չըլլայ թէ ուրանաք ձեր քրիստոնէական հաւատքը: Մահը մէկ վայրկեան կը տեւէ, սակայն հաւատքը ուրանալ ձեզ կը զրկէ Աստուծոյ հետ յաւիտենական ուրախութենէն»: Ապա ծերունին կը խնդրէ, որ իր դամբանաքարին վրայ հետեւեալ համարը փորագրեն՝ «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի։ Ասկէ յետոյ կայ ու կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը, որ Տէրը՝ արդար Դատաւորը՝ պիտի հատուցանէ ինծի այն օրը։ Ո՛չ միայն ինծի, հապա այն ամէնուն ալ՝ որ սիրեցին անոր յայտնուիլը» (Բ. Տիմ. 4:6-8)։

Զէյթունցի տիկինը կը յիշէ իր մեծ հօր խօսքերը ինչպէս նաեւ Յիսուսի յարութիւնը: «Մենք ալ» կ'ըսէ ան « օր մը յարութիւն առնելով պիտի թագաւորենք իր հետ յաւիտեան: Այս է հայ ազգին յոյսը, որով ան օրինակ պիտի դառնայ ամբողջ աշխարհին»:

Այս ըսելով կ'ուզեմ աւելցնել այլ օրինակ մը: Քահանայ մը իր ժողովրդին հետ տեղահան ըլլալով անապատի ճամբան կը բռնէ դէպի անյայտն ու անորոշը: Ամէն օր տասնեակ դիակներ թաղելով կը յառաջանայ իրենց կարաւանը: Օր մը թուրք զինուոր մը կը մօտենայ քահանային եւ ծիծաղելով կը հարցնէ՝ « ո՞վ պիտի թաղես այսօր»: Քահանան կը պատասխանէ՝ « Աստուած մեռած է, զինք պիտի թաղեմ»:

Երկու տուեալներ մեր ազգային ինքնութիւնը կը յատկանշեն ՝ մեր պետականօրէն առաջին քրիստոնեայ ազգը ըլլալը. եւ ցեղասպանութիւնը: Ցաւալին ան է, որ մեր հաւատքը մշակութային երեւոյթ մը դարձնելով, մոռցած ենք մեր քրիստոնէութիւնը եւ վերի քահանային նման արտայայտութիւններով կը յիշենք ցեղասպանութիւնը:

Ինչպէ՞ս պէտք է յիշենք ցեղասպանութիւնը:

Եթէ մոռնանք 1,5 միլիոն հայերու նահատակութիւնը, արտօնագիր արձակած կ'ըլլանք աշխարհին, որպէսզի ան նոր Թալէաթ փաշաներ ծնի: Իսկ եթէ զայն յիշենք այնպէս մը, որ մեր ազգային ինքնութիւնը զօրացնող միակ աղբիւրը ըլլայ, կը նշանակէ մեր վէրքը բուժուած չէ եւ մեր ինքնութեան գիտակցութիւնը վերատեսութեան պէտք է ենթարկուի: Վիրաւոր ինքնութիւն մը ուղիղ որոշումներ չի կրնար առնել:

Ցեղասպանութիւնը յիշելը եւ այդ ուղղութեամբ մեր պայքարը երբեք պէտք չէ ըլլայ ինքնանպատակ եւ ինքնասէր. այլ պէտք է ըլլայ պայքար մը յանուն արդարութեան: Վարդանանցի տօնին առիթով կը կրկնենք Եղիշէ պատմիչին խօսքեր՝ « մահ իմացեալ անմահութիւն է»: Մենք «նահատակ» կը կոչենք ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուածներ. սակայն մեր մտքերուն մէջ ունինք «զոհի» գաղափարը: Նահատակը ան է, որ իր կեանք տուած կ'ըլլայ աւելի վեհ գաղափարի մը համար: Իսկ զոհը «ոչ իմացեալ»օրէն մահացածն է:

Ո՞ր մէկն ենք մենք:

Մենք պատասխանատուութիւն ունինք նահատակներուն հանդէպ: Առաջին հերթին պահելով անոնց հաւատքի կտակը, զոր ժառանգած են մեզի: Ինչ, որ ըլլայ իրենց նահատակութեան իմաստը, ան կը պարփակուի Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան մէջ: Նահատակ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի մեզի ցոյց կու տայ այսօր այն ճանապարհը, որով պիտի քալենք: Ան հետեւելով Ս. Պետրոսի օրինակին, որ իր Փրկիչը տեսաւ Հռոմ ճամբուն վրայ նահատակուելու. ինքն ալ գնաց իր ժողովուրդին հետ նահատակուելու: այս «Իմացեալ մահ» :

Ահա թէ ինչպէս պէտք է յիշատակենք մեր նահատակներու յիշատակը՝ փառաւորելով զԱստուած, որ անոնց պատիւն տուաւ իր սուրբերուն հետ դասուելու, որոնք այրուեցան, սղոցուեցան, երացած ձէթերու մէջ նետուեցան մէկ նպատակ ունենալով իրենց առջեւ ՝ Աստուծոյ փառքը: Եւ հիմա անոնց եւ բոլոր քրիստոնէական հաւատքի հաւատարիմներուն կը մնայ փառաց պսակն ու յաւիտենական կեանքը:

 

Նիւթը՝ «Ռատիօ Վատիկան»էն