Ախալցխայի Հոգեւոր տեսչութեան նախաձեռնութեամբ, Ախալցխայի շրջանի Երկրորդ Շախտ բնակելի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական մկրտութեան արարողութիւն՝ կարիքաւոր ընտանիքներուն համար: Մկրտուեցան երկու տասնեակ անձեր, որոնց մէջ հայ երեխայ մը։ Մկրտութեան արարողութեան յաջորդեց փոքրիկ համերգ, որ կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ երգչախումբին եւ Երկրորդ Շախտի աշակերտներուն կողմէ: Այս մասին գրուած է akhaltskha.net կայքին վրայ:
Մկրտութեան արարողութենէն ետք բոլոր ներկաները ճաշակեցին մատաղ, իսկ կարիքաւոր մարդիկ կարելիութիւն ունեցան մատաղը տանիլ իրենց ընտանիքներուն:
Մատաղի արարողութիւնը կազմակերպուած էր Յովհաննէս Գրիգորեանի հովանաւորութեամբ, որ մկրտութեան արարողութեան ու մատաղի նպատակով Ախալցխայի հոգեւոր տեսչութեան յատկացուցած էր 7 գառ: Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ Յակոբ աբեղայ Սահակեան եւ Թորգոմ քահանայ Վարդանեան մկրտուողներուն մանրամասն բացատրեցին Մկրտութեան սուրբ խորհուրդը: