image

Հաւանայի մէջ եղած պայթումին զոհերուն թիւը անցաւ 30–ը

Հաւանայի մէջ եղած պայթումին զոհերուն թիւը  անցաւ 30–ը

Քուպայի մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող «Սարաթոկա» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով առնուազն 32 մարդ զոհուած է: Այս մասին յայտնած է Prensa Latina գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Հանրապետութեան Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր 26 զոհի մասին: Նշուած է, որ եւս 19 մարդ անհետ կորած կը համարուի: Կը շարունակուի որոնողական եւ փրկարարական գործողութիւնները։ Հիւանդանոցները կը գտնուին 45 տուժածներ, որոնցմէ 9-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են։

Յիշեցնենք, որ ուրբաթ առաւօտեան Հաւանայի Քափիթոլիումի դիմաց գտնուող «Սարաթոկա» հիւրանոցին մէջ ուժեղ պայթում որոտացած է։ Ողբերգութեան որպէս հիմնական պատճառ դիտարկուած է դժբախտ պատահար։ Կ'ենթադրուի, որ խօսքը  սարքաւորումներու տեղադրման ժամանակ կազի արտահոսքի մասին է։