image

ՀԱՊԿ կոչուածը

ՀԱՊԿ կոչուածը

 

Թէեւ վերջին քանի մը տարիները դառն էին հայ ժողովուրդին համար, սակայն կը հաւատամ, որ այս ճգնաժամէն ոչ միայն դուրս կու գանք, այլ նաեւ կը բռնենք վերելքի ուղին, եթէ կարենանք ճիշդ եւ ազատօրէն կողմնորոշուիլ եւ յստակ, յանդուգն որոշումներ տալ, որոնց գլխաւորներէն է՝ ՀԱՊԿ կոչուածէն դուրս գալը։

Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւն՝ ՀԱՊԿ կոչուած կազմակերպութեան գոյութիւնը, ոչ միայն անտեղի եւ ձեւական է, այլեւ վնասակար՝  Հայաստանին, ու ծաղրական թատրոն մը, որ կը վիրաւորէ հայն ու անոր բանականութիւնը։ Քաղաքական մեծ փորձ պէտք չունի անհատ մը նկատելու, տեսնելու եւ լսելու համար այն պարսաւանքի արտայայտութիւնները եւ հեգնական կեցուածքները, որոնք քանի մը ամիսէ ի վեր կ՚ուղուին Հայաստանին, անոր ղեկավարութեան եւ հայ ժողովուրդի հասցէին, այն երկիրներու կողմէ, որոնք «իբրեւ թէ» ստորագրած են զինք «պաշտպանելու» հարկ եղած պարագային։ 

 

ՀԱՊԿ կոչուածի անդամ երկիրներու ստորագրած  պայմանագրի «առանձնայատուկ» կարեւորութիւն ունեցող 4-րդ յօդուածը կ՚ըսէ. «Եթէ անդամ պետութիւններէն որեւէ մէկը ենթարկուի ակրեսիայի (յարձակման)  որեւէ պետութեան կամ պետութիւններու խումբի կողմէ, ապա անդամ պետութիւններու կողմէ այդ կը համարուի, որպէս ակրեսիա սոյն Պայմանագրի բոլոր մասնակից պետութիւններու դէմ: Մասնակից պետութիւններէն որեւէ մէկուն դէմ ակրեսիայի աքթի ի յայտ գալու պարագային, մնացած մասնակից պետութիւնները կը ցուցաբերեն անհրաժեշտ օժանդակութիւն` ներառեալ ռազմական օգնութիւն, նաեւ կը ցուցաբերեն օժանդակութիւն իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող միջոցներով` հաւաքական պաշտպանութեան իրաւունքի իրագործման կարգին համապատասխան` համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածի»։

 

Հարցում՝ 13 Սեպտեմբերի, ատրպէյճանական բանակի Հայաստան ներխուժման ժամանակ եւ մինչեւ օրս,  ՀԱՊԿ կոչուածի անդամ երկիրներէն մէկը ռազմական որեւէ օժանդակութիւն ցուցաբերե՞ց։ Պատասխան՝ ոչ։ Ընդհակառակն՝ անոնցմէ  

«մէկ-երկուքը» ի նպաստ Ատրպէյճանի յայտարարութիւններով հանդէս եկան եւ մնացեալին մօտ խորհրդաւոր լռութիւն տիրեց։

 

ՀԱՊԿ կոչուածէն վայրկեան մը առաջ Հայաստան պէտք է դուրս գայ։ Ի՞նչ գործ ունինք կազմակերպութեան մը մէջ, որուն անդամներուն հետ ոչ մէկ հասարակ յայտարար ունինք, ըլլայ ան քաղաքական կամ ընկերային, եւ որոնց շահերը կը սպասարկեն մեր շահերուն ուղիղ հակառակ կողմը, եւ առաւել եւս կը խաթարեն մեր բարենպաստ կապերը այլ՝ զարգացած ու յառաջդիմած երկիրներու հետ։

 

Թէեւ վերջին քանի մը տարիները դառն էին հայ ժողովուրդին համար, սակայն կը հաւատամ, որ այս ճգնաժամէն ոչ միայն դուրս կու գանք, այլ նաեւ կը բռնենք վերելքի ուղին, եթէ կարենանք ճիշդ եւ ազատօրէն կողմնորոշուիլ եւ յստակ, յանդուգն որոշումներ տալ, որոնց գլխաւորներէն է՝ ՀԱՊԿ կոչուածէն դուրս գալը։

 

 

Նայիրի Տաղլեան

 

 

 

 

 

Նայիրի Տաղլեան

Նայիրի Տաղլեան

Լիբանանահայ մանկավարժ, գրող, մշակութային եւ հ...