Եգիպտոս- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Եգիպտացի անուանի նկարիչ Հանի Ալ Մասրի ոչ եւս է: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Հայաթ»ը: Թերթը նաեւ կը նշէ, որ արեան քաղցկեղով հիւանդ Ալ Մասրի եղած է առաջին եգիպտացին, որ կարեւոր գործունէութիւն ծաւալած է Հոլիուտի մէջ աշխատակցելով յատկապէս «Ուալթ Տիզնի» շարժանկարի ընկերութեան: Ալ Մասրի նաեւ կարեւոր իրագործումներով հանդէս եկած է Գահիրէի թատերական ներկայացումներու բեմայարդարման առընթեր:Ալ Մասրի 64 տարեկան էր: