Յորդանանի «Արեւելք»ի աղբիւրէն վերահասու կը դառնանք, թէ օրերս վախճանած է Թեմի Պատրիարքական երկար տարիներու Պատրիարքական փոխանորդ, երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան Երիցագոյն անդամներէն՝ Գերշ. Տ. Վահան արք. Թօփալեանը։
Երկար տարիներու վաստակ ունեցող Սրբազան Հօր կենսագրական ամփոփ գիծերը կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Ս․ Աթոռի երեցագոյն միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Վահան Արք. Թօփալեան։
Վախճանեալ Սրբազանը 1978-էն սկսեալ, քառասուն տարի ըլլալով Յորդանանի Հայոց թեմի երկարամեայ Պատրիարքական փոխանորդ եւ առաջնորդ՝ առողջական խնդիրներու պատճառով տարիներ առաջ ձգած էր իր պաշտօնը։
Գերշ․ Տ․ Վահան Արք․ Թօփալեանի վախճանը մեծ կորուստ է Յորդանանահայոց եւ մանաւանդ Առաքելական մեր Ս․ Աթոռի եւ անոր հաւատաւոր զաւակներու համար։
Սրբազան Հօր «Վերջին օծման» եւ «Թաղման» կարգը պիտի կատարուի ՈՒՐԲԱԹ, 13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Ամմանի Սուրբ Թադէոս եկեղեցւոյ մէջ՝ յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի: Ապա հանգուցեալի մարմինը պիտի ամփոփուի Սահհապի գերեզմանատան մէջ:
ԿԻՐԱԿԻ, 15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ, 2023-ԻՆ, յԵրուսաղէմ, Ս․ Յարութեան տաճարի Հայոց Վերնամատրան մէջ մատուցուելիք սուրբ եւ անմահ պատարագի վերջաւորութեան պիտի կատարուի հանգուցեալ՝ Տ․ Վահան Արք․ Թօփալեանի հոգեհանգստեան կարգը։
Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրն ու ողջ Միաբանութիւնը կը սգան Սրբազան Հօր մահը եւ կ’աղօթեն անոր հոգւոյ լուսաւորութեան եւ երկինքի արքայութեան արժանանալու համար։
«Յիշեսցէ Տէր զհոգի ծառային Իւրոյ եւ հանգուսցէ զնա ի լոյս երեսաց Աստուածութեան Իւրոյ․ ամէն»։
ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Տ. ՎԱՀԱՆ ԱՐՔ. ԹՕՓԱԼԵԱՆԻ
Աւազանի անունով ՝ Հայրապետ, ծնած է 15 Մարտ, 1940-ին Լիբանան:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Լիբանանի Լուսինեան Ազգային վարժարանին մէջ, ապա 1953-ին ընդունուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Ժառանգաւորաց վարժարան եւ Ընծայարան:
1961-ին ձեռամբ օրուան Լուսարարապետ՝ Տ. Հայրիկ Արք. Ասլանեանի ձեռնադրուած է սարկաւագ:
1963-ին ձեռամբ Տ. Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ:
1963-1966 թթ. ուսուցչութիւն ըրած է Ժառանգաւորաց վարժարանէն ներս:
1966-ին Տ. Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի ձեռամբ ստացած է վարդապետական չորս աստիճաններ:
1966-1973 թթ. ծառայած է Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ, որպէս հոգեւոր հովիւ:
1974-ին նշանակուած է Եթովպիոյ հոգեւոր հովիւ:
1974-1975 թթ. նշանակուած է Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան Ազգային վարժարանի տնօրէն:
1976-ին վերադառնալով Երուսաղէմ՝ ստանձնած է Ս. Աթոռոյս Թարգմանի պաշտօնը:
1978-ին նշանակուած է Յորդանանահայ գաղութի առաջնորդ եւ Պատրիարքական փոխանորդ:
1988-ի Նոյեմբեր 13-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, ձեռամբ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետի ձեռնադրուած է եպիսկոպոս:
1998-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Տ. Տ. Գարեգին Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ արժանացած է Արքութեան պատուին:
«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»