image

Համասը յայտարարած է, որ Իսրայէլի օդուժի հարուածներէն զոհուած է 13 պատանդ, այդ շարքին՝ օտարերկրացիներ

Համասը յայտարարած է, որ Իսրայէլի օդուժի հարուածներէն զոհուած է 13 պատանդ, այդ շարքին՝ օտարերկրացիներ

Պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ խմբաւորումը յայտարարած է, որ 13 պատանդ, որոնք կը պահուէին Կազայի հատուածին մէջ, վերջին մէկ օրուան ընթացքին սպանուած են իսրայէլեան օդուժի հարուածներու հետեւանքով։

Խմբաւորման յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ 13 պատանդի շարքին կան օտարերկրացիներ: Այս մասին գրած է timesofisrael.com-ը:

Կ'ենթադրուի, որ անցեալ շաբաթավերջին Համասի զինեալներու՝ Իսրայէլի վրայ զանգուածային յարձակման ժամանակ մօտ 200 մարդ գերեվարուած է Կազայի հատուած: