Համաս շարժումի պատուիրակութիւնը բանակցութիւններ պիտի վարէ Ռուսաստանի պաշտօնատար անձերու հետ, պիտի արծարծուին պաղեստինեան-իսրայէլեան յարաբերութիւնները եւ Աքսայի մզկիթին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը: «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի երկիրներու խնդիրով Ռուսաստանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար՝ Միխայիլ Պոկտանով:
«Ատիկա շատոնց ծրագրուած հանդիպում է: Մենք կը կատարենք կանոնաւոր խորհրդակցութիւններ, որոնք կը կատարուին մշտական հիման վրայ», «Ինթըրֆաքս»-ին ըսած է ան` պատասխանելով Համասի ներկայացուցիչներու` Ռուսաստանի այցելութեան վերաբերեալ հարցումին: Ինչպէս կ'ակնկալուի, Մոսկուայի բանակցութիւններուն մէջ Համասի պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ պաղեստինեան շարժումի քաղաքական գրասենեակի փոխղեկավար՝ Մուսա Ապու Մարզուք:
Նշուած է, որ Ռուսաստան-Համաս խորհրդակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Ռուսաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան պայմաններու մէջ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով իտալական «Մետիասեթ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած էր. «Ան (Զելենսքին) յառաջ կը քաշէ հետեւեալ փաստարկը. «Ի՞նչ նացիականութիւն կրնայ մեր մօտ ըլլալ, երբ ես հրեայ եմ»: Ես, եթէ ճիշդ կը յիշեմ, կը վախնամ սխալիլ, սակայն կարծես թէ Հիթլերը եւս հրէական արիւն ունէր: Ատիկա բացարձակապէս ոչինչ կը նշանակէ: Եւ մենք շատոնց լսած ենք, որ իմաստուն հրեայ ժողովուրդը կ'ըսէ, որ ամէնէն մոլի հակասեմականները սովորաբար հրեաներն են: Ինչպէս կ'ըսեն` գիւղ չկայ, որ շուն չըլլայ…»:
Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարն ու վարչապետը քննադատած էին Լաւրովը:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն: