Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը կը ծրագրէ «էապէս նուազեցնել» իր համաշխարհային աճի հեռանկարն իր յաջորդ զեկոյցին մէջ։ Այս մասին ըսած է Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի ռազմավարութեան, քաղաքականութեան եւ վերլուծութեան բաժնի տնօրէն Ճէյլա Փազարպասիօղլուն, կը հաղորդէ «Bloomberg»-ը։
Անոր խօսքով, քաղաքական գործիչներու համար «շատ աւելի դժուար դարձած է» ռազմավարութիւն մշակել սնունդի եւ ուժանիւթի միջոցներու գիներու աճի, զարգացող շուկաներ դրամագլուխի ներհոսքի կրճատման, համաճարակի եւ Չինաստանի տնտեսութեան դանդաղման պայմաններուն մէջ:
«Հարուած հարուածի ետեւէ, եւ սա իսկապէս կը հարուածէ համաշխարհային տնտեսութիւնը: Մենք զգալիօրէն պիտի նուազեցնենք մեր կանխատեսումը», -ըսած է Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի ներկայացուցիչը: