image

Համաշխարհային տնտեսութեան աճի կանխատեսումները նուազեցնելու միտումներ կան

Համաշխարհային տնտեսութեան աճի կանխատեսումները նուազեցնելու միտումներ կան

Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը կը ծրագրէ «էապէս նուազեցնել» իր համաշխարհային աճի հեռանկարն իր յաջորդ զեկոյցին մէջ։ Այս մասին ըսած է Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի ռազմավարութեան, քաղաքականութեան եւ վերլուծութեան բաժնի տնօրէն Ճէյլա Փազարպասիօղլուն, կը հաղորդէ «Bloomberg»-ը։

Անոր խօսքով, քաղաքական գործիչներու համար «շատ աւելի դժուար դարձած է» ռազմավարութիւն մշակել սնունդի եւ ուժանիւթի միջոցներու գիներու աճի, զարգացող շուկաներ դրամագլուխի ներհոսքի կրճատման, համաճարակի եւ Չինաստանի տնտեսութեան դանդաղման պայմաններուն մէջ:

«Հարուած հարուածի ետեւէ, եւ սա իսկապէս կը հարուածէ համաշխարհային տնտեսութիւնը: Մենք զգալիօրէն պիտի նուազեցնենք մեր կանխատեսումը», -ըսած է Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի ներկայացուցիչը: