Պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ արմատական շարժումը կը մերժէ Կազայի հատուածին մէջ պատանդներու ազատ արձակման վերաբերեալ որեւէ բանակցութիւն, քանի դեռ Իսրայէլը չէ դադրեցուցած ռազմական գործողութիւնները խմբաւորման դէմ։
Այս մասին յայտարարած է ՀԱՄԱՍ-ի արտասահմանեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ազգային բիւրոյի ղեկավար Ալի Պարաքան, հաղորդած է Yedioth Ahronoth թերթը։
Ինչպէս նշած է հրատարակութիւնը, Լիբանանի մէջ բնակող Պարաքան անդրադարձած է պատանդներու ազատ արձակման շուրջ բանակցութիւններուն եւ ըսած, որ «քանի մը առաջարկներ եղած են, սակայն իրենց դիրքորոշումը պարզ է. նախ անհրաժեշտ է դադրեցնել Իսրայէլի յարձաքումը Կազայի մէջ»:
Ան աւելցուցած է, որ «ՀԱՄԱՍ-ը մերժած է հրադադարի բոլոր առաջարկները վերջին շաբաթներուն, եւ դիմադրութեան բոլոր խմբակցութիւններու դիրքորոշումն այս հարցով միասնական է. յարձակումը պէտք է դադրեցուի, անցակէտերը բացուին, վիրաւորները պէտք է դուրս բերուին»։