image

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական Թ. համագումարը Գահիրէի մէջ աւարտեց իր աշխատանքները

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական Թ. համագումարը Գահիրէի մէջ աւարտեց իր աշխատանքները

Չորս օրուան քննարկումներէ, աշխատանքային նիստերէ եւ գործնական հանդիպումներէ ետք, Շաբաթ, 31 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 8-ին, համա-ՀՄԸՄ-ական Թ. համագումարը իր աշխատանքները աւարտեց Գահիրէի «Յուսաբեր» կեդրոնի «Գարագաշեան» սրահին մէջ։

ՀՄԸՄ-ի 24 Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններ ներկայացնող 38 բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիներ համագումարին ընթացքին լսեցին բազմաթիւ զեկուցումներ, որոնց լոյսին տակ ծաւալեցին խոր քննարկումներ։ Այսպէս, «Սկաուտական համագումարներու նպատակն ու դերը» նիւթին շուրջ զեկուցեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան։ «ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը այսօր» նիւթը վիճակագրական մանրամասն տուեալներով ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ քոյր Թալին Օրտողլեան։ Զուգահեռ, մասնակիցները աշխատանքային խմբակներու բաժնուելով սերտեցին միութեան սկաուտական կարգերու, գիրքերու ծրագիրները եւ ներկայացուցին բարեփոխման իրենց առաջարկներն ու տեսակէտները։

Խմբապետական համագումարը քննեց նաեւ «ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան արդիականացման մարտահրաւէրը» նիւթը, զոր ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։ Այնուհետեւ, մասնակիցները ունեցան գործնական, դաշտային փորձարկումներ՝ արարողութիւններ կատարելու եւ աստիճանատուչութեան ձեւերու մասին։ Օրակարգի նիւթ դարձան նաեւ միջ-ցամաքամասային սկաուտական ձեռնարկները, որոնք պիտի ըլլան գալիք հանգրուանի գլխաւոր նորութիւններու շարքին։

 

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐԸ

Համագումարին երկրորդ օրը ներկայացուեցան զեկուցական հինգ նիւթեր.-

- «ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կանոնագիրը»- ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վահէ Թանաշեան։

- «Ի՞նչպէս կատարել ՀՄԸՄ-ի սկաուտական աշխատանքներու քարոզչութիւնը»- ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վիգէն Աւագեան։

- «ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը եւ արդի արհեստագիտութիւնը» - ՀՄԸՄ-ի արհեստագիտական բաժանմունքի պատասխանատու եղբ. Շանթ Տէմիրճեան։

- «Սկաուտական Արարատեան կարգը»- ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ քոյր Թալին Օրտողլեան։

- «Սկաուտական Վկայեալ կարգը»- ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան։

Զեկուցումներուն յաջորդեցին քննարկումներ եւ աշխատանքային խմբակներու մէջ առաջարկներու եւ բանաձեւումներու մշակումներ։

Համագումարի մասնակիցներ քննարկեցին նաեւ խմբապետական գործուղումներու, սկաուտական պէճերու, կարգերու եւ արարողութիւններու պայմաններու, իրագործման եւ միօրինականացման կապուած հարցեր։

 

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՏԵՍԱՐԺԱՆ ՎԱՅՐԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

Համագումարը երրորդ օրը առաւ դադար եւ զանազան երկիրներէն Եգիպտոս ժամանած ՀՄԸՄ-ական խմբապետ-խմբապետուհիները այցելեցին աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն նկատուող պատմական բուրգերը (Սաքարա եւ Կիզէ) եւ Սփինքսի արձանը։ Նոյն օրը, երեկոյեան, անոնք ընթրիքի հիւրը եղան Գահիրէի ՀՄԸՄ-«Արարատ»ին, որ այս օրերուն կը նշէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը։

 

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՕՐԸ

Իր աշխատանքներուն չորրորդ օրը համագումարը քննեց սկաուտական կանոնագրութեան բարեփոխման առաջարկները եւ լսեց առցանց զեկուցում մը՝ միջազգային սկաուտական շարժումի կառոյցին եւ այդ կառոյցին մէջ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ներկայութեան մասին։ Զեկուցումը ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ քոյր Սանտրա Վարդանեան։

Օրակարգի նիւթ դարձան ՀՄԸՄ-ի սկաուտական մասնագիտական պէճերը, ազգային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը սկաուտական աշխատանքներու մէջ, մարդուժի պատրաստութեան, սկաուտական տեղեկութիւններու շտեմարանի (Database-ի), համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ ընդհանուր բանակումի (2026), սկաուտական առցանց գրադարանի եւ վաճառատան ստեղծման կապուած հարցեր։

Համագումարի փակման նիստին, ժողովականներուն այցելեց Եգիպտոսի մէջ յունական սկաուտական բարձրաստիճան պատասխանտուներէն Եաննիս Մելախրինուտիս։ Ան ողջունեց ՀՄԸՄ-ը եւ արտասահմանի յունական սկաուտութեան անունով հայ-յունական սկաուտական գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց։ ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուները, իրենց կարգին, գնահատեցին յարգելի հիւրին այցելութիւնը եւ արտայայտուեցան հայ-յունական պատմական միացեալ ճակատագիրի եւ ապագայ գործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին։

Հուսկ, համագումարը իր աւարտին հասաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի կատարումով։

 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ, ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԵՐ

Կիրակի, 1 Սեպտեմբերին, համագումարի մասնակիցները այցելեցին Եգիպտոսի Ազգային առաջնորդարան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ հայկական գերեզմանատուներ, ուր ծաղկեպսակներու զետեղումով անոնք յարգանքի տուրք ընծայեցին ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր սերունդի անդամներէն Հայկ Ճիզմէճեանի, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան երրորդ վարչապետ Համօ Օհանջանեանի եւ ՀՅԴաշնակցութեան պանթէոնին մէջ իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած նուիրեալներու՝ Վահան Նաւասարդեանի, Գաբրիէլ Լազեանի, Սրբուհի Թիրեաքեանի, Բենիամին Թաշեանի, Օննիկ Մաճառեանի եւ այլ գաղափարակիցներու։