image

«Հալէպի վերջին տղամարդիկ» ֆիլմի անձնակազմը «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան մասնակցելէ զրկուած է (Տեսանիւթ)

«Հալէպի վերջին տղամարդիկ» ֆիլմի անձնակազմը «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան մասնակցելէ զրկուած է (Տեսանիւթ)

Սուրիոյ կառավարութիւնը արգիլած է «Հալէպի վերջին տղամարդիկ» ֆիլմի անձնակազմին ներկայ գտնուիլ 90-րդ «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան երեկոյին:

«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, արգելքին պատճառ հանդիսացած է Թրամբի կողմէ տարի մը առաջ կայացուած որոշումը, ըստ որուն շարք մը արաբական երկիրներու քաղաքացիներու մուտքը ԱՄՆ արգիլուած է:

Ֆիլմի բեմադրիչ Ֆիրաս Ֆայյատ նշած է. «Մենք՝ դերասաններս, ընդամէնը կը ձգտինք մեր պատմութիւններով կիսուիլ, ուրիշ ոչինչ, եւ ցաւալի է, որ մեզ այդ առիթը չ'ընծայուիր»: