image

AMAA-ի հերթական նուէրը հայ երեխաներուն. Նոր մասնաշէնք «Շողիկ» ճամբարէն ներս

AMAA-ի հերթական  նուէրը  հայ երեխաներուն. Նոր մասնաշէնք «Շողիկ» ճամբարէն ներս

Կայացած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) Հանքաւանի «Շողիկ» ճամբարի նորակառոյց մասնաշէնքերու բացման արարողութիւնը:

AMAA-էն կը տեղեկանանք, որ շինարարութիւնն իրականացուած է երկու փուլով, եւ Հանքաւանի գեղատեսիլ բնութեան գիրկին մէջ մանուկներն եւ պատանիները արդէն նորացուած մասնաշէնքերուն մէջ կը դիմաւորէ «Շողիկ» ճամբարը, որ իր ուրոյն տեղն ունի հայաստանեան ճամբարային կեանքին մէջ:  

Մասնաշէնքերէն մէկուն հիմնանորոգումը հնարաւոր դարձած է Տարաքճեան ընտանիքի առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ: Բացման ներկայ  եղած են բարերար ընտանիքի անդամներէն, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ղեկավարներ եւ աշխատողներ:

Հանքաւանի «Շողիկ» ճամբարը  Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA)՝ երեխաներու համար իրականացուող հերթական ծրագիրներէն է, որ կը կազմակերպուի ամառնային շրջանին՝ անվճար հիմունքներով: Չորս հերթափոխով կատարուող ճամբարին կը մասնակցին հարիւրաւոր երեխաներ՝  Հայաստանի տարբեր մարզերէն։

Ճամբարն ունի յագեցած ծրագիր՝ զուարճալի եւ դաստիարակչական խաղեր, բովանդակալից դասեր, աստուածաշնչեան սերտողութիւն, երեկոյեան ժամանցային ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ՝ ճամբարային անակնկալներ, որոնց կը սպասեն հարիւրաւոր երեխաներ ու պատանիներ: