image

Իրանը մտադիր չէ շարունակել. Ամերիկան զգուշացուցած ենք չմիջամտել. Արաքչի

Իրանը մտադիր չէ շարունակել. Ամերիկան զգուշացուցած ենք չմիջամտել. Արաքչի

Իսրայէլի դէմ երէկուան գործողութիւնը կայունացնող միջոց էր, մենք մտադիր չենք շարունակել. այս մասին, Tasnim գործակալութեան հաղորդմամբ, յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին՝ ընդգծելով, որ այս գործողութիւնը կրնայ վերականգնել աշխարհաքաղաքական զսպումը տարածաշրջանին մէջ։

«Մեր զինուած ուժերը պատրաստ են սիոնիստական ռեժիմի (նկատի ունի Իսրայէլը-Խմբ.) հնարաւոր գործողութիւններուն: Սիոնիստական վարչակարգի եւ անոր կողմնակիցներու որեւէ նոր գործողութիւն Իրանի կողմէ պիտի արժանանայ աւելի կոշտ արձագանգի, եւ այդ մասին ես տեղեկացուցած եմ երէկ երեկոյեան իմ հեռախօսազանգերով», -ըսած է Արաքչին:

Ան աւելցուցած է, որ պաշտօնական Թեհրանը Զուիցերիոյ միջոցով նախազգուշացուցած է Միացեալ Նահանգները, որ Իրանը պաշտպանութեան իրաւունք ունի, սակայն մտադիր չէ շարունակել գործողութիւնը:

«Մենք նաեւ Ամերիկան զգուշացած ենք ետ քաշուիլ եւ չմիջամտել... Ես գալիք օրերը պայծառ կը տեսնեմ։ Հակամարտութեան հաւանականութիւն կայ, սակայն մեր ուժերը լիովին պատրաստ են։ Անցած գիշեր մենք թիրախաւորած ենք միայն ռազմական եւ անվտանգութեան թիրախները, եւ ի տարբերութիւն իսրայէլցիներու, չենք մտած հանրային դաշտ։ Կ՚ակնկալենք, որ յառաջիկայ օրերուն աստիճանաբար որոշակի կայունութիւն կը տեսնենք տարածաշրջանին մէջ»,- աւելցուցած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը։

Իրանը հոկտեմբեր 1-ի երեկոյեան հրթիռակոծած է Իսրայէլը: Ընդհանուր առմամբ, աւելի քան 180 հրթիռ արձակուած է Իսրայէլի տարածք։ 

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Իրանի հրթիռային զանգուածային յարձակումն իր երկրի վրայ որակած է «մեծ սխալ» եւ ըսած, որ «Թեհրանը պիտի վճարէ ատոր համար»:

«Իրանի ռեժիմը չի հասկանար մենք մեզ պաշտպանելու եւ մեր թշնամիներէն վրէժ լուծելու մեր վճռականութիւնը: Մենք հաւատարիմ պիտի մնանք մեր սահմանած կանոնին՝ ով կը յարձակի մեր վրայ, մենք կը յարձակինք անոր վրայ»,- ըսած է Իսրայէլի վարչապետը։

Մինչդեռ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթինը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ աջակցիլ Իսրայէլին՝ Իրանի կողմէ յարձակման պայմաններուն մէջ։ Անոր խօսքով՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան զօրքերը «որսացած են Իրանէն Իսրայէլ արձակուած բազմաթիւ հրթիռներ»։

«Մենք կը դատապարտենք Իրանի կողմէ յարձակման այս գործողութիւնը եւ կոչ կ՚ընենք անոր հրաժարելու հետագայ յարձակումներէն, այդ շարքին՝ վերջիններուս կողմէ աջակցութիւն ստացող ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգները զգալի ուժ ունի՝ իր մարդոց պաշտպանելու, Իսրայէլի պաշտպանութեան հետագայ աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ իրավիճակի սրումը կանխելու համար։