image

Ատրպէյճանը խախտած է հրադադարը Մարտակերտի, Ասկերանի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ․ Պաշտպանութեան բանակ

Ատրպէյճանը խախտած է հրադադարը Մարտակերտի, Ասկերանի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ․ Պաշտպանութեան բանակ

Արցախի պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ Ատրպէյճանը խախտած է հրադադարը Մարտակերտի, Ասկերանի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ, տուժածներ չկան։

«Օգոստոսի 21-ին, ժամը 05:50-ից 6։30֊ն ընկած ժամանակահատուածում ադրբեջանական զինուժը Մարտակերտի, Ասկերանի, Մարտունու եւ Շուշիի շրջաններում խախտել է հրադադարը` կիրառելով հրաձգային զէնք։ Հայկական կողմում տուժածներ չկան»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Պաշտպանութեան բանակէն նշած են, որ հրադադարի խախտման դէպքերու մասին տեղեկութիւնը փոխանցուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։