image

Հալէպի մէջ. Սիլվա (Օսկի) Բարսեղեանի մահը

  Հալէպի մէջ. Սիլվա (Օսկի) Բարսեղեանի մահը
Օրերս Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նուիրեալ մայր եւ հայուհի՝ Սիլվա (Օսկի) Բարսեղեանը։
 
 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
 

 Ստորեւ հակիրճ տողերու մէջ կը ներկայացնենք հանգուցեալի մասին մեր խմբագրութեան տրամադրուած հակիրճ մահագրականը։

Լոյս հոգիին եւ մխիթարութիւն հարազատներուն։

Սիլվա (Օսկի) Բարսեղեան ծնած է 1 Ապրիլ 1949ին Արաբունար Սուրիա, 1963ին ընտանիքով փոխադրուած են Պէյրութ, աւելի ուշ ընտանիք կը կազմէ Բժիշկ դեղագէտ Կարօ Բարսեղեանի հետ կազմելով հայաշունչ ռճախ մը եւ բախտաւորուելով 2 դուստրերով Թալին եւ Թամար։ 

Տիկ. Սիլվան եղած է ընտանիքի հոգատար, գուրգուրացող, լռակեաց ամուսնուն հնազանդ կին, մայր,եւ իր ամուսնոյն հետ միասին եղած են ուսումնատենչ այդ նպատակով զաւակներուն հասցուցած են բարձր ուսումնական մակարդակի որոնցմէ Թալինը կը դառնայ տնտեսագետ իսկ Թամարը հօրը եւ մօր փափաքով Բժշկուհի Դեղագէտ։  Ան   Լիբանանի  պատերազմին իր ամուսնոյն կողքին կատարած է ազգային ծառայութիւն եւ կարճ ժամանակով ծառայած է ԼՕԽաչի մէջ,ինչպէս նաեւ իրենց զաւակներուն հետ միասին եղած են միութենական ծառայող ընտանիք ՀՄԸՄական ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ֊ական սակայն ամուսնոյն մահէն ետք վերջին 10 տարուայ ընթացքին հիւանդութեան պատճառով կը մեկնի Հալէպ եւ իր հոգատար խնամքը կը գտնէ Իր աղջկան բժշկ. Թամարին մօտ, ուր կը կնքէ իր մահկանացուն։

Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցած են Հալէպի մէջ։