image

Հալէպի մէջ. Հայ Աւետարանական համայնքը ունեցաւ նոր կեդրոն

 Հալէպի մէջ. Հայ Աւետարանական համայնքը ունեցաւ նոր կեդրոն

 Բարձր ճիգերովը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի օրերս բացումը կատարուած է համայնքի նոր կեդրոնին՝ համայնքապետարանին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Մերձաւոր Արեւելեքի Հայ Եկեղեցիներու Միութեան ՝ՄԱՀԱԵՄ-ի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը կը շնորհաւորէ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքը եւ Համայնքապետը՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, նոր համայնքապետարանի շէնքին կառուցման համար։ Շնորհիւ Հունգարիոյ կառավարութեան առատաձեռնութեան, Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքը ունի արդիական, ուրոյն շէնք մը, որ պիտի ծառայէ զանազան եկեղեցական եւ համայնքային կարիքներու։ Աստուծոյ փառք կու տանք որ Ան կարող ըրաւ ծրագրին իրականացումը, հաւատարիմ գործակիցներու օգնութեամբ։