Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Հալէպի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն, Ատհա տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն տուած են Հալէպի Նահանգապետ Տիար Հուսէյն Տիապին եւ Հալէպի կուսակցապետ տիար Ահմատ Մանսուրին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն կը քաղէ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Երկուշաբթի, 17 Յունիս 2024-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Հալէպի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն, Ատհա տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն տուին Հալէպի Նահանգապետ Տիար Հուսէյն Տիապին եւ Հալէպի կուսակցապետ տիար Ահմատ Մանսուրին։ Ներկայ էր նաեւ «Պաաս» կուսակցութեան Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչ դոկտ. Իպրահիմ ալ-Հատիտը:
Հոգեւոր պետերը Ատհա տօնին առիթով իրենց շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին «Պաաս» կուսակցութեան Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչին, Հալէպի նահանգապետին եւ կուսակցապետին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորական մաղթանքներ ուղղեցին երկրի Վսեմաշուք Նախագահ Տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին։
Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէր Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։