image

Յանուն Հայաստանի երեխաներուն. AMAA–ն եւ ՀԵԱՀ-ը կարեւոր նախաձեռնութեամբ հանդէս եկան

Յանուն Հայաստանի երեխաներուն. AMAA–ն եւ ՀԵԱՀ-ը կարեւոր նախաձեռնութեամբ հանդէս եկան

Հայաստանի երեխաներու առողջութեան հիմնադրամը (ՀԵԱՀ) 40 միլիոն դրամ տրամադրած է Արցախի երեխաներուն։ Այս մասին յայտնած է ՀԵԱՀ-ի մամլոյ ծառայութիւնը։

«Հիմնադրամը, համագործակցելով Հայ օգնութեան ֆոնտի, ԱԿԲԱ դրամատան եւ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հետ, ներգրաւած է շուրջ 40,000,000 դրամ՝ աջակցելու քրոնիկ շնչառական, իմունային (դիմադրականութեան) համակարգի, ռեւմատոլոգիական (յօդային բորբոքումներ), նեարդաբանական, գաստրոէնտերոլոգիական (ստամոքսաղիքային), լեարդաբանական խնդիրներ եւ լեյշմանիոզ (լէիշմանախտ) ունեցող երեխաներու բուժման:

Մէկամեայ ծրագիրի շրջանակներուն մէջ 2024 թուականի յունուար-յուլիս ամիսներուն ՀԵԱՀ նուիրաբերած է անհրաժեշտ դեղորայք Արաբկիր բժշկական կեդրոնին, Յոլեանի արիւնաբանութեան եւ ուռուցքաբանութեան կեդրոնին եւ Մուրացան հիւանդանոցին, որոնք օգտագործուած են տեղահանուած երեխաներու բուժման համար: Անկէ բացի, Հիմնադրամը խումբ մը երեխաներու աջակցած է նաեւ  ուղղակիօրէն՝ դեղորայք ու թանկարժէք հետազօտութիւններ ֆինանսաւորելով: Նշուած ժամանակահատուածին շարունակական աջակցութիւն ստացած արցախցի երեխաներու թիւը շուրջ 150 է:

Հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեանը կարեւորած է այս ծրագրի նշանակութիւնը. «Մեր նպատակն է ապահովել, որ իւրաքանչիւր երեխայ ստանայ անհրաժեշտ բուժում՝ անկախ անոր ընկերային կամ ֆինանսական հնարաւորութիւններէն, իսկ այժմ արցախցի բազմաթիւ երեխաներ կը գտնուին լրացուցիչ խոցելի պայմաններու մէջ: Մենք շնորհակալ ենք մեր հովանաւորներուն, որոնց աջակցութիւնը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ շարունակելու այս կարեւոր ծրագիրը՝ պաշտպանելով եւ բժշկական աջակցութիւն ցուցաբերելով մեր արցախցի բալիկներուն»:

Պէտք է նշել, որ Հիմնադրամի աջակցութիւնը ներառած է այնպիսի դէպքեր, որոնք չեն ֆինանսաւորուած պետական պատուէրի ու այլ բարեգործական ծրագիրներու շրջանակներուն մէջ: Տրամադրուած դեղերու հիմնական մասը ոչ միայն թանկարժէք է, այլ նաեւ՝ դժուարամատչելի։

Հայաստանի երեխաներու առողջութեան հիմնադրամը կը շարունակէ այս եւ շարք մը այլ ծրագիրներ՝ նպատակ ունենալով աջակցիլ բոլոր այն երեխաներուն, որոնք ունին ծանր առողջական խնդիրներ եւ կարիք ունին շարունակական եւ որակեալ բուժման»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

 

Նիւթը՝  «ՀԵՏՔ» կայքէն