image

Օթթաուայի  մէջ.  ՀՄԸՄ-ի նոր  մասնաճիւղ մը հիմնուեցաւ 

Օթթաուայի  մէջ.  ՀՄԸՄ-ի նոր  մասնաճիւղ մը հիմնուեցաւ 

Օրերս, ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցած է ՀՄԸՄ-ի Օթթաուայի Միաւորի հիմնադրութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Հորիզոն»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ Կիրակի 22 Սեպտեմբեր 2024 -ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Օթթաուայի Միաւորի հիմնադրութիւնը, ներկայութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Գանատայի ներկայացուցիչ Քոյր Լիոնի Սարմազեանի, Գանատայի Շրջանային վարչութեան և Յանձնախումբերու, շրջանիս մասնաճիւղերու վարչութեան ներկայացուցիչներու։

Իրենց Ներկայութեամբ միաւորի հիմնադրութեան տօնակատարութիւնը պատուեցին` Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ՝ Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան Ատենապետ, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի , Սարգիս Զէյթլեան և Վահան Յովհաննէսեան կոմիտէներու ներկայացուցիչները, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան եւ Համազգային Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները, Օթթաուայի ՀՄԸՄ-ականները եւ Տէր Դաւիթ Քահանայ Մարգարեան։

ՀՄԸՄ -ի Օթթաուայի Միաւորը նոր էջ մը կը բանայ ՀՄԸՄ-ի Գանատայի շրջանէն ներս։

ՀՄԸՄ-ի նպատակն է շարունակել սերունդներուն փոխանցել ՀՄԸՄ-ի աւանդութիւններն ու արժէքները, միեւնոյն ժամանակ համախմբել երիտասարդները՝ մարմնամարզական եւ սկաուտական ծրագիրներու միջոցաւ։