image

Հալէպի Առաջնորդը այցելած է Պետական Համալասարանի հիւանդանոց

Հալէպի Առաջնորդը այցելած է Պետական Համալասարանի հիւանդանոց

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշգարեան օրերս այցելութիւն տուած է Հալէպ քաղաքի պետական համալսարանի հիւանդանոցի մանկական բաժանմունք եւ նուէրներ բաշխած բուժում ստացող երեխաներուն։

Այս մասին կը կարդանք Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է

Հովանաւորութեանբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի, ՍՕԽաչի Շրջ. Վարչութիւնը այսօր՝ 7 Մարտ 2023ի առաւօտեան այցելեց Պետական Համալսարանի հիւանդանոցի մանկական բաժանմունքի քաղցկեղով տառապող փոքրիկներուն, անոնց փոխանցելով խաղալիքի ծրարներ ինչպէս նաև Աշխատանոցէն ներս պատրաստուած տաքուկ ծածկոյթներ։

Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցէին Ազգ. Վարչութեան անդամները, նաև հիւանդանոցէն ներս ծառայող և ՍՕԽաչի Առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ բժշկուհի Թագուհի Թաշճեան։

 Պատուիրակութիւնը նախ հանդիպեցաւ հիւանդանոցի տնօրէն Տոքթ. Նատիմ Զահլուքի, որ ողջունեց ՍՕԽաչի մարդասիրական այս ծրագիրը, մինչ Սրբազան հայրը, իր կարգին, դրուատեց հիւանդանոցի մատուցած լայնածաւալ ծառայութիւնը, յատկապէս երկրաշարժի աղէտի այս օրերուն։

Ապա Սրբազան Հայրը, Շրջ. Վարչութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ, շրջեցաւ հիւանդանոցի սենեակները, առատօրէն օրհնեց մանուկները և շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքները փոխանցեց իւրաքանչիւրին։ 

Թող մանուկներուն դէմքի ժպիտը ընդմիշտ լուսաւոր մնայ և յոյս ներշնչէ տառապեալ հոգիներուն։